2016-08-11 10:31:00

Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդարանը:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդարանը` ընկերակցութեամբ Պաալպեքի եւ Տէյր Ահմարի մարոնի համայնքի առաջնորդ Հաննա Ռահմէի, Սամիր Մազլում եպիսկոպոսին եւ հայր Փոլ Քէյրուզի:

Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի եւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալի կողմէ:

Ռայիին դիմաւորելու նպատակով յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդարան եկած էին նաեւ շրջանին հեղինակութիւններն ու թաղապետերը, որոնց շարքին էին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան եւ Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար:

Իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Պաալպեք կատարած իր այցելութիւնը Քաա կատարած այցելութեան շարունակութիւնն է` հաստատելով, որ իրենք յանձնառու են, որ քրիստոնեաներն ու իսլամները մնան այս շրջաններուն մէջ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանը, Սուրիան, Իրաքը եւ պաղեստինեան հողերը ահաբեկչութեան հակակշիռին տակ գտնուին, որովհետեւ մենք այս հողերուն վրայ կ՛ապրինք երկու հազար տարիէ ի վեր:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան է շրջանին եւ անոր բնակիչներուն պահապանը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ քրիստոնեայ-իսլամ միասնականութեամբ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը: «Այս շրջանը երկրին ցանկապատն է, իսկ մեր պարտականութիւնն է գործակցիլ` կտրելու համար ահաբեկչութեան թեւը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Տէյր Ահմարի մարոնի համայնքի առաջնորդարանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.