2016-08-11 08:41:00

Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութիւնը 4 սեպտեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 4 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ­, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի գլխաւորէ Կալկաթայի Երանելի Մայր Թերեզայի (1910 -1997) Սրբադասման արարողութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ անցեալ 17 դեկտեմբերին, պաշտօնապէս վաւերացուցած էր Երանելի Մայր Թերեզայի սրբադասման հրամանագիրը։

Մայր Թերեզա  նկատուած է  աշխարհի ամենահեղինակաւոր  կիներէն մին: Անոր  կեանքն ու գործունէութիւնը  մեծ  հետքեր ձգած են  մարդկութեան պատմութեան մէջ:

''Արմատներով եւ արիւնով ալպանացի եմ:  Քաղաքացիութեամբ՝ հնդիկ:  Կաթողիկէ  միանձնուհի եմ:  Կոչումով՝ համայն աշխարհին կը պատկանիմ: Սրտով կը  պատկանիմ Յիսուսի սրտին'' գրած էր Մայր Թերեզան ինքզինք ներկայացնելով։ 

Անոր հիմնած '''գթութեան քոյրերու'' միաբանութիւնը կը գործէ աւելի քան  120  երկրիներու մէջ, ներառեալ Հայաստան` ուր միաբանութիւնը հաստատուած է 1988-ի Սպիտակը ու անոր շրջակայքը հարուածող ահաւոր երկրաշարժի օրերուն։

Մայր Թերեզան ծնած է 26 օգոստոս 1910-ի եւ հոգին աւանդած է 5 սեպտեմբեր 1997-ին։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ''ամնա յետիններու'' ծառայութեան։

Վերջերս լոյս տեսած ''Սիրենք ան որ սիրուած չէ'' Մայր Թերեզայի մասին գիրքին մէջ, որուն ներածականը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը, աղքատներու ծառայ այդ կրօնաւորուհին գրած է ''ամենածանր հիւանդութիւնը ոչ թոքախտն է ոչ ալ բորոտութիւնը այլ առանձնութիւնը։ Այս է պատճառը բազմաթիւ անկարգութիւններու, բաժանումներու եւ պատերազմներու որոնք այսօր մեզ կը հարուածեն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.