2016-08-10 11:05:00

Հայերու, Ասորիներու եւ Յոյներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին քայլարշաւ։


Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին, Նորթ Հոլիվուտի մէջ Օգոստոս 7-ին տեղի ունեցած է քայլարշաւ մը, որուն մասնակցած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Յիշատակի ձեռնարկին նախաձեռնողը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկեան միութիւնը եղած է, լուսարձակի տակ առնելու համար ասորիներու ցեղասպանութեան տարելիցը։

«Այս պատմութիւնը պէտք է յիշել եւ յարգել, որպէսզի իմ սերունդին, երեխաներուս եւ թոռնիկներուս սերունդներուն յիշողութեան մէջ ապրի այդ պատմութիւնը», ըսած է նշեալ միութեան ներկայացուցիչ Ճան Քորիէլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.