2016-08-10 07:23:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ֆիզիքական եւ հոգեկան այրուածքները ու անոնց բուժումը…

Մարմնական վնասուածքներուն ծանրագոյնը կը համարուի մարմնի մորթին այրուածքը, որ հրդեհին դիմաց հալելով կը թափուի մարդու մարմինէն, ահռելի ցաւերու մէջ թողելով ենթական:

Հրշէջ հիմնարկութիւնները, կը համարուին աշխարհի որեւէ քաղաքի ամէնէն կարեւոր հաստատութիւններէն, որոնք փութաջան օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն, կրակէ ահաբեկուած քաղաքացիներուն: Հրշէջներու փորձառութեան մասին պատմող հարցազրոյցները այնքան հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ունին երբեմն, որ տուեալ դէպքին ահաւորութիւնը ներկայացնելէ բացի, կրակին հետ մարտնչելու եւ անոր ձեռքէն կեանքեր փրկելու անոնց հերոսական արարքները կը ներկայացնեն  ու իրենց կեանքով փրկագին կը դառնան ուրիշներու կեանքին:

Հրշէջներուն ընկերացող բուժօգնութեան ինքնաշարժները նախապատրաստուած դեղորայքով կը հասնին աղէտահար թաղամասը, մորթային այրուածքներու յատուկ քսուքներով զինուած, գէթ զովացնելու համար այրող կաշին մարդկային մարմինին, մինչեւ ենթակային հիւանդանոցային դարմանումի եւ բժշկական ամբողջական խնամքի յանձնուիլը:

Այն հետքերը, որոնք մարդկային մարմինին վրայ կը մնան նոյնիսկ նուազագոյն այրուածքէ ետք, մնայուն յուշարարներ կը դառնան ո՛չ միայն կրակով բռնկած ենթակային, այլեւ զայն տեսնող պատահական անձին: Գեղագիտական բազմաթիւ վիրաբուժութիւններ երբեմն չեն յաջողիր մարդկային մորթը իր նախկին վիճակին բերել, երբ քանի մը խաւ արդէն այրած է կրակով:

Ֆիզիքական մորթէն աւելի նուրբ մորթ մը ունինք սակայն մենք՝ մարդ էակներս, որով պատուած է մեր հոգին:

Հոգիին մորթը այնքան զգայուն է, որ ո՛չ թէ միայն կրակով կամ սուր իրով մը շուտով կարելի է վիրաւորել, այլեւ նուազագոյն անտեղի խօսքով…

Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն վատթարացման գլխաւոր պատճառներէն մէկը, այս յարաբերութեանց սահմանները չիմանալուն հետեւանքն է: Կատակը եւ շիտակը իրարու հետ շփոթող մարդոց շատ կը հանդիպինք մեր շրջապատին մէջ: Անոնցմէ ոմանք թերեւս իրենց խօսած լեզուին (նոյնիսկ եթէ մայրենին է), լաւ տիրապետած չըլլալով, չե՛ն գիտեր ո՞ր մէկ բառը ե՞րբ կամ ո՞ւր գործածել իրենց խօսակցութեան ընթացքին, որուն հետեւանքով վիրաւորական նախադասութիւններ կը կազմուին անոնց բերանին մէջ, նուաստացնելով իրենց խօսակիցը: Այս վիրաւորանքը ուղղակի կը հասնի դիմացինի հոգիի մորթին, վնաս հասցնելով անոր արտաքին գեղեցկութեան ու փափկութեան: Նման ֆիզիքական մորթին, հոգիի այս մորթն ալ կ՛այլանդակուի, կը ձգուի ու կը կծկուի, կը չորնայ ու կը խորշոմի, ցաւ պատճառելով ենթակային:

Ի տարբերութիւն ֆիզիքական մորթի ցաւին, որ տարիներու թաւալքին հետ կը չքանայ, հոգիի մորթին ցաւը յաւիտեան կը տեւէ…

Շատեր  կը  կարծեն թէ մարդկային լեզուն  շան լեզուին նման բուժիչ յատկութիւն ունի, որ վէրքերուն դպչելով, կրնայ դարմանել զանոնք: Սակայն, մարդկային լեզուն զրկուած է այս յատկութենէն: Ճիշդ է, անիկա ունի շատ աւելի կարեւոր յատկանիշ, որ խօսակցութիւնն է, սակայն բերանէն դուրս եկած խօսքը, միշտ ալ բուժիչ յատկութիւն չունի: Անիկա կրնայ ո՛չ միայն վիրաւորել, այլեւ վերյիշեցումներ կատարել անցեալի օրերէն:

Հոգիի այրուածք եթէ չես ուզեր ունենալ, սկիզբէն մտածէ հոգիդ միշտ զով պահելու մասին: Մորթդ արկածի հետեւանքով այրելը աւելի նուազ ցաւալի է, քան՝ հոգիի դէմքին վրայ երեւցող այրուածքները, որոնք որեւէ բուժում չունին: Միւս կողմէ, արդէն իր կեանքի յաջողութեան ճանապարհը գտած անձին համար ինչքան ալ մտածեն հին յուշերով վնասել, այնքան աւելի՛ պիտի այրի այն հոգիին մորթը, որուն ներսիդին կը լղորճուին նման մտածումներ: Ո՛չ մէկ հրշէջի վրայ կարելի չէ՛ յոյս դնել, հանդարտեցնելու համար հոգիի մորթին այրուածքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.