2016-08-09 07:11:00

Հայաստան՝ ''մարդավաճառութեան'' դէմ պայքարի առաջամարտիկներու շարքին


ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար` Ճան Քերի վերջերս հրապարակեց աշխարհի տարածքին մարդկային «թրաֆիքինկ»ի մասին 2016ի զեկոյցը, ուր կը տեղեկագրուի, թէ 2015ին երկրագունդի 188 երկրներ ինչպէս պայքարած են այս լուրջ յանցագործութեան դէմ:  Հայաստան արդէն 4րդ տարին ըլլալով տեղ կը գրաւէ առաջին խումբին մէջ, այսինքն՝ այն երկիրներու շարքին, որոնք լիարժէք ու բաւարար ջանքեր կը գործադրեն «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարին գծով:

188 երկիրներէն իւրաքանչիւրին վերաբերեալ զեկոյցը կը նշէ մարդկային «թրաֆիքինկ»ի ծաւալը, կառավարութեան կողմէ «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարին գծով գործադրուած ջանքերը եւ մարդկային «թրաֆիքինկ»ի միտումները աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ:

Զեկոյցի հայաստանեան բաժինին մէջ ընդգծուած է «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարի աշխատանքային խումբի առանցքային դերը: Այս խումբին մէջ ընդգրկուած են կառավարութենէն, քաղաքացիական հասարակութենէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ:

«Այս աշխատանքային խմբի յաջողութիւնը ցոյց է տալիս, թէ ինչպիսի նուաճումների կարելի է հասնել այն դէպքում, երբ կառավարութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը իրար լսում են եւ համագործակցում: Այս աշխատանքային խումբը օրինակ է ծառայում բարդ եւ դժուարին խնդիրների դէմ պայքարելու գործում», յայտնած է ՀՀի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլզ:

Կառավարութեան կողմէ տրամադրուած միջոցները, որոնք ուղղուած էին «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարին, համապատասխան օրէնքներու ընդունումը, «թրաֆիքինկ»ով զբաղուող յանցագործներու հետապնդումը, կանխարգիլման եւ իրազեկման ուղղուած գործողութիւնները եւ զոհերու փոխհատուցման դրութեան վերջնականացումը կը թուարկուին այն նշանակալի զարգացումներու շարքին, որոնց շնորհիւ Հայաստան պահպանած է իր բարձր դիրքը դասակարգման սանդուղին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.