2016-08-08 12:48:00

Պելճիքայի մէջ կացինով յարձակում ոստիկանատան վրայ։


«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ պելճիքացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ շաբաթ օր պելճիքական Շարլըրուա քաղաքին մէջ կացինով երկու կին ոստիկաններ վիրաւորած անձը 33 տարեկան ալճերիացի մըն էր, որ քրէական նախադէպեր ունէր, սակայն ծանօթ չէր իբրեւ ահաբեկչական գործունէութիւն ունեցող անձ:

Ան ոստիկանատան առջեւ յարձակում գործելու ընթացքին բացագանչած էր «Ալլահ աքպար»: Ոստիկան մը կրակ բանալով սպաննած էր զինք, սակայն նախքան այդ ան վիրաւորած էր երկու ոստիկաններ, որոնցմէ մէկը դէմքին վրայ ստացած էր լուրջ վէրքեր, իսկ միւսը թեթեւօրէն վիրաւորուած էր:

ՏԱՀԵՇ երէկ ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ յարձակում գործող անձը իր «զինուորներէն» մէկն էր: Դատախազներ յայտնեցին, որ Ք.Պ. սկզբնատարերով անձը 2012-էն ի վեր կը բնակէր Պելճիքայի մէջ:

Պելճիքան մարտին մայրաքաղաք Պրիւքսէլի օդակայանին եւ փապուղիներու համակարգին դէմ 32 զոհ պատճառած ականահարումներէն ետք պատրաստ վիճակի մէջ դրուած էր: Շարլըրուա քաղաքը իբրեւ կեդրոնատեղի օգտագործուած էր նոյեմբեր 2015-ին Փարիզի մէջ կատարուած յարձակումներուն մասնակից կարգ մը ժիհատականներուն կողմէ:

Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել ժողովուրդին կոչ ուղղեց «մնալու արթուն», սակայն նաեւ «մնալու հանդարտ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.