2016-08-08 12:19:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ. Բարեկենդան Աստուածածնի (7-14 Օգոստոս 2016)


Աստուածածնայ Վերափոխումէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Հայ Եկեղեցին սովորութիւն ունի, ինչպէս շատ մը մեծ տօները կանխող շաբաթը, եւ մասնաւորապէս 5 տաղաւարներէն առաջ, կատարելու Բարեկենդան մը, որ կը համապատասխանէ լատին ծէսի Carnaval-ին եւ ապա մէկ շաբթուայ պահք մը, որու ընթացքին չի կատարուիր որեւէ սուրբի տօնակատարութիւն։

Օրուան Սուրբ աւետարանը մեզի կը պատմէ Ս. Մատթէոսի՝ աւետարանիչի եւ առաքեալի կոչումը. Ան նախապէս կը կոչուէր Ղեւի, որդի Ալփէոսի.

Ղեւի՝ մաքսատան պաշտօնեայ էր, բայց երբ լսեց Յիսուսի կոչը, անմիջապէս հետեւեցաւ անոր։ Յիսուս գնաց իր տունը եւ շատ մը ուրիշ մաքսաւորներու հետ, ինչպէս նաեւ մեղաւոր կիներու հետ ճաշի նստաւ, ինչ որ գայթակղութիւն պատճառեց դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն։ Այդ առթիւ Յիսուս ըսաւ իր նշանաւոր խօսքը. Առողջները պէտք չունին բժիշկի, այլ հիւանդները։

Այս շաբթուայ մէջ, ինչպէս նախապէս ըսինք, սուրբի տօն չի կատարուիր, այլ երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ բոլոր օրերը պահոց օրեր են։ Այս շրջանի ընթերցուածները կ՛ըլլան ընդհանրապէս իրերայաջորդ, նոյնպէս եւ աւետարանի ընթերցումները. Որպէս ընթերցուած՝ կը կարդացուին յաջորդաբար Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած Առաջին թուղթին 14-րդ եւ 15-րդ գլուխները, ուր Առաքեալը կը խօսի մեռելներու յարութեան մասին. Հոս է որ կ՛ըսէ իր նշանաւոր խօսքը. Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չառաւ. Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, ուրեմն ի զուր է մեր հաւատքը։

Գալով Աւետարանին, այս շրջանին կ՛ընթեռնունք Մարկոս աւետարանչի Բ.  եւ Գ. գլուխները, ուր զանազան դրուագներ իրարու կը յաջորդեն. Ծոմապահութեան մասին վէճը Յովհաննէսի եւ Յիսուսի աշակերտներուն միջեւ, շաբաթ օրով կատարուած բժշկութիւնը որ դարձեալ գայթակղութիւն կը պատճառէ հրեաներուն, Առաքեալներու ընտրութիւնը, Սուրբ Հոգւոյ դէմ գործուած մեղքը, Յիսուսի ազգականներու դրուագը եւ ի վերջոյ՝ սերմնացանին առակը։

Շաբաթ 13 Օգոստոս, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, հայ Եկեղեցին կը կատարէ իւրայատուկ տօն մը, Շողակաթի տօնը. Ի՞նչ է Շողակաթը։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, քրիստոնէութեան դարձնելէ ետք հայ ժողովուրդը, ուզեց շինել յարմար տաճար մը, եկեղեցի մը որ յաւերժացնէր այս դէպքը։ Ըստ աւանդութեան՝ ան երեք տեսիլքներ ունեցաւ. մին՝ շինուելիք եկեղեցւոյ յատակագիծն էր իր կամարներով եւ գմբէթով, երկրորդը՝ Միածին Որդին էր որ կ՛իջնէր երկնքէն դէպի այն տեղը ուր պիտի կառուցուէր Եկեղեցին, ձեռքը բռնած մուրճ մը ոսկեայ, քանդելու համար սանդարամետ չաստուածի մեհեանը եւ փոխարէնը կառուցանելու հիմերը նոր տաճարին. Իսկ երրորդ տեսիլքը լոյսի այն ճառագայթն էր որ կաթած էր երկնքէն եւ լուսաւորած Էջմիածնի տեսիլքը։

Ահա ասոր համար է որ տօնը կոչուեցաւ Շողակաթ եւ այդ անունը տրուեցաւ Լուսաւորչի շինած երեք եկեղեցիներէն մէկուն, որ էր Հռիփսիմեանց խումբէն հիւանդ կոյսի վկայարանի վրայ շինուած տաճարը, որը մինչեւ այսօր կը կոչուի Շողակաթի Եկեղեցի։

Կիրակի 14 Օգոստոսին, տօնն է Աստուածածնայ Վերափոխման, որ է (ինչպէս ըսինք) հայ եկեղեցւոյ 5 տաղավարներէն մին, այսինքն 5 մեծագոյն տօներէն մին։ Հայերը ընդհանրապէս կը տօնեն Վերափոխման տօնը 15 Օգոստոսի մօտալուտ կիրակին։ Այս տնօրինումը եղած է Հայերուս համար` մղուած գործնական տեսակետէ. տրուած ըլլալով որ երկար դարերու ընթացքին հայ ազգը անկախութիւն չէ ունեցած, ուստի եւ չէ կրցած իր տօները կատարել որոշեալ օրերուն եւ իշխող տարրերու կողմէ պարտադրուած է իրեն բոլոր տօները կիրակի օրերուն փոխակերպելու. Ուստի ստիպողաբար է որ հայ եկեղեցին սովորութիւն ըրած է կատարել կարգ մը մեծ տօներ, ինչպէս Վերափոխումը, Խաչվերացը եւ ուրիշներ, որոշեալ թուականին մօտակայ կիրակին։

Անշուշտ Ս. աւետարանը որ կը կարդացուի տօնին օրը Աստուածածնայ նուիրուած աւետարաններէն մին է, այս պարագային Քրիստոսի ծննդեան աւետարանը, Ղուկասի երկրորդ գլխուն մէջ։

Աստուածածնայ վերափոխման դէպքը չէ պատմուած աւետարաններուն մէջ, այլ եկեղեցական աւանդութեան հետ կապուած է եւ կարելի է զայն գտնել հետագային յօրինուած պարականոն աւետարաններուն մէջ.

Ըստ հայկական եկեղեցւոյ, երբ Մարիամ կը մահանայ, Բարդողիմէոս առաքեալը ներկայ չէր եղած թաղմանը. Երբ կը վերադառնայ Երուսաղէմ, կ՛ուզէ գէթ տեսնել երեսը Յիսուսի մօր. Կը բանան դագաղը եւ կը տեսնեն որ մարմինը չկայ։ Ահա այս սուրբ աւանդութիւնը բերած է Բարդողիմէոս երբ Հայաստան եկած է քարոզութեան։

Վերափոխման յաջորդող օրը, երկուշաբթի, օր մեռելոց է, ինչպէս ամէն տաղաւարի յաջորդ օրը։

Վերափոխման տօնի օրը, սուրբ պատարագէն ետք, հայ Եկեղեցին սովորութիւն ունի կատարելու խաղողօրհնէք։ Կ՛օրհնուին առաջին բերքի խաղողները որպէս երախայրիքը երկրի պարգեւած բոլոր պտուղներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.