2016-08-08 10:49:00

Այսուհետեւ ՀՀ քաղաքացիները առանց արտօնագիրի կրնան Իրան մուտք գործել


ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ և լիազօր դեսպան Սայիտ Քազեմ Սաճաթին: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր և կարևոր համարած են առևտրատնտեսական փոխգործակցութեան հետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ վերջերս ստորագրուած քաղաքացիներու առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութիւններուն մասին համաձայնագիրին:

Դեսպան Սաճաթի նշած է, թէ արդէն իսկ Իրանի բոլոր սահմանային անցակէտերէն ՀՀ քաղաքացիները կրնան մուտք գործել Իրան՝ առանց մուտքի արտօնագիրի:

Յովիկ Աբրահամեան եւ Սայիտ Քազեմ Սաճադի հաստատած են, որ երկու հարեւան պետութիւններուն միջև առանց վիզայի կարգը պիտի խթանէ զբօսաշրջութեան զարգացումն ու ՀՀ եւ ԻԻՀ քաղաքացիներուն փոխադարձ այցելութիւններուն համար պիտի ստեղծէ առաւել նպաստաւոր պայմաններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.