2016-08-07 13:31:00

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք. Անընդունելի է որ անմեղներ վճարեն պատերազմին սուղ գինը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 օգոստոս 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը բացայայտէ ինչպէս պատրաստուիլ Յիսուսի երկրորդ գալստեան ու անոնց կը թելադրէ "բարի գործերով" պատրաստուիլ այդ հանդիպումին ապա կը հրաւիրէ "ողորմութեան ներգործութիւններ" կատարել ու իրենց սիրտը չկապել անցողական ինչքերուն։ Խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Յիսուսին պատմած առակներուն որոնց մէջ շեշտը կը դնէ "Արթուն մնալու եւ հսկելու" վրայ ։

Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեզի կը յիշեցնէ թէ յաւիտենական երանութիւններու սպասումը մեզ չի խնայեր այն յանձնառումէն աշխարհը աւելի արդար դարձնելու, ընդհակառակը այս յաւիտենական կեանքը ժառանգելու յոյսը մեզ կը մղէ բարելաւելու երկրային կեանքի պայմանները, յատկապէս տկար մեր եղբայրներունը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա հայցեց Աստուածամօր հովանին եւ բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզ ըլլալու դէպի Աստուծոյ ապագան սլացող անձեր։ դէպի Անոր որ է մեր կեանքն ու յոյսը­, ըսաւ Սրբազան Պապը ապա  արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք կոչ ուղղեց ի սպաս Սուրիոյ։

"Սուրիայէն կը շարունակեն պատերազմի զոհ քաղաքացիներու լուրեր հասնիլ, յատկապէս Հալէպէն։ Անընդունելի է որ անմեղ  մարդիկ­ ու նաեւ բազմաթիւ մանուկներ – վճարեն հակամարտութեան սուղ գինը, գինը սրտի փակումին եւ հզօրներու խաղաղութեան կամքի պակասին։ Մօտիկ ենք աղօթքով  եւ զօրակցութեամբ մեր Սուրիացի եղբայրներուն եւ քոյրերուն ու զանոնք կը յանձնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։ Ամէնքս Տիրամօր աղօթենք լռութեամբ" հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ու անոնց մաղթեց բարի կիրակի, խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.