2016-08-06 10:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ռիօ 2016-ի Գաղթականներու ողիմպիական խումբին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 5 օգոստոսի երեկոյեան Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցաւ 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Վերոնշեալ խաղերուն առաջին անգամն ըլլալով կը մասնակցի նաեւ գաղթականներէ կազմուած ողիմպիական խումբ մը, 6 այր մարդ ու 4 կին, որոնք Մարաքանայի մէջ տեղի ունեցած տողանցքի ընթացքին ծածանեցին ողիմպիական դրօշը։

Խումբին մաս կը կազմեն Սուրիայէն երկու լողորդներ, Քոնկոյէն ''Ճուտոյի'' մարզիկ եւ Եթովպիայէն ու Հարաւային Սուտանէն  6 վազողներ։ Բոլորն ալ փախուստ տուած են իրենց երկիրներուն մէջ կիրակուած բռնութիւններէն ու հալածանքներէն։ Կը խօսին տարբեր լեզուներ սակայն կը ներկայացնեն միակ ազգ մը` 60 միլիոնէ բաղկացած փախստականները որոնք միացած է ցաւի ու յոյսի մէջ։

''Այս մարզիկներու մասնակցութիւնը ողիմպիական խաղերուն, յարգանքի տուրք է` քաջութեան ու յարատեւութեան այն բոլոր գաղթականներուն որոնք յաղթահարեցին խոչընդոտներ եւ կ՛ուզեն կերտել աւելի լաւ ապագայ իրենց ու իրենց ընտանիքներուն համար'', ըսած է ՄԱԿ-ի գաղթականներու գերագոյն յանձնակատար` Տիար Ֆիլիփփօ Կրանտի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս գնահատելով այդ ձեռնարկը` 26 Յուլիս 2016 թուակիր նամակ մը յղած է Ռիօ 2016-ի Գաղթականներու ողիմպիական խումբին, որուն մէջ նշելով խումբին մաս կազմող անդամներուն իւրաքանչիւրին անունը գրած է, ''Սիրելի եղբայրներ, ձեզի կ՛ուզեմ փոխանցել իմ ողջոյնս եւ մաղթանքս ողիմպիական այս խաղերու յաջողութեան։ Թող որ քաջութիւնն ու ուժը որ ձեր մէջ կը կռէք Ողիմպիական Խաղերու ընդմէջէն արտայայտեն եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ճիչը։ Թող որ ձեր միջոցաւ մարդկութիւնը հասկնայ որ խաղաղութիւնը կարելի է, եւ թէ խաղաղութեամբ ամէն ինչ կարելի է շահիլ մինչ պատերազմի հետ ամէն ինչ կը կորսնցնենք։

Մաղթանքս է որ ձեր վկայութիւնը բարիք հասցնէ մեզի բոլորիս։ Կ՛աղօթեմ ձեզի համար եւ կը խնդրեմ որ դուք աղօթէք ինծի համար։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ։

Եղբայրաբար,  Ֆրանչիսկոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.