2016-08-06 11:10:00

Վանականութիւն (Զ)


Կրօնաւորական եւ ընդհանրապէս հոգեւոր կեանքի մէջ՝ կատարելութեան եւ սրբութեան հասնելու ճանապարհներէն մէկն է հնազանդութեան առաքինութիւնը։ Բարւոք է, որ ոեւէ հաւատացեալ ունենայ հոգեւոր հայր մը։ Հոգեւոր հօր դերը առաւել եւս շեշտուած է կրօնաւորական կեանքի մէջ։ Ոչ ամէն կրօնաւոր կամ քահանայ կրնայ ըլլալ հոգեւոր հայր։ Այդ պատասխանատուութիւնը յանձն առնող անհատը պէտք է ունենայ համապատասխան փորձառութիւն եւ առաքինի վարք։ Կրօնաւորական կեանքի հայող գրականութեան մէջ միշտ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է հոգեւոր հայրութեան եւ հոգեւոր որդիի նիւթը։

Յաճախապատում Ճառերու՝ ճգնաւորներու ուղղուած խրատներուն մէջ կը կարդանք - «Եւ վերակացուն պէտք է ըլլայ հայր բարեմիտ, բարեխոհ եւ բարեգործ. պէտք է օրինակ ծառայէ բարեձեւութեան բոլոր կարգերուն եւ բարի վարքի, աղօթքներու եւ պահքի, խոնարհութեան եւ հեզութեան, անկեղծութեան եւ ճշմարտութեան, տքնութեան եւ արտասուքներուն, խաղաղութեան եւ հանդարտութեան, սիրոյ եւ երկայնմտութեան, իրաւունքի եւ արդարութեան, աշխատութեան եւ ժուժկալութեան, պարկեշտութեան եւ զգաստութեան, անարատութեան եւ անբծութեան։ Թող ըլլայ անբամբաս՝ բոլոր վերադասներու նկատմամաբ. ամէն ինչի մէջ ըլլայ ըստ արդարութեան օրէնքներուն։ Աստուծմէ իրեն վստահուած ժողովուրդը թող խրատէ իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ՝ որպէսզի ընթանան սրբութեամբ եւ առաքինասէր վարքով. իրենց անձերուն մէջ զօրացնեն աստուածային սէրը, եւ արհամարհեն աշխարհի սէրը։ Թող այս բոլորին մէջ աստուածային սուրբ սիրով երեւան բոլորին - «Որովհետեւ անոնք որոնք զիս կը սիրեն՝ կʼըսէ Տէրը, կը պահեն իմ պատուիրաններս. իսկ զիս չսիրողը՝ պատուիրաններս չի պահեր» (Յովհ ԺԴ. 23)։

Ասոր համար ալ՝ վերակացուն կոչուեցաւ հոգեւոր հայր, եւ անկէ ծնունդ առնողները՝ հոգեւոր որդիներ՝ ըստ ճգնաւորներու կարգաւորութեան։ Այս աւելի հանգամանք ունի՝ քան մարմնաւոր ծնունդը. ինչպէս է մկրտութեամբ ծնունդի պարագան։ Այսպէս կարելի է ըլլալ լոյսի որդիներ, եւ արդարութեան որդիներ՝ հրաժարելով աշխարհիկ զբաղմունքներէն, որոնք կը մթագնեն միտքը, եւ կը խաւարեցնեն զգայութիւնները, եւ մարդիկ կը դարձնեն խաւարի որդիներ եւ դժողքի ժառանգորդներ։

Հոգեւոր ծնունդ ունենալու համար՝ պէտք է հոգեւոր վարքի տիրապետել, կատարեալ հնազանդութեամբ՝ հոգեւոր հայրութեան հանդէպ. անոր միջոցով Աստուծոյ խոստովանիլ ստուգութեամբ, եւ խոստովանութեան ընթացքին սուտեր չթոյլատրել, որպէսզի ըստ իւրաքանչիւր սխալի պատճառած վնասներուն՝ դիւրութեամբ ընկալեն բուժման դեղը։ Պէտք է հաւան ըլլան եւ հպատակ հոգեւոր հօր իւրաքանչիւր հրամանին՝ որպէս երկնաւոր Հօրմէ ստացուած հրամանի՝ կատարելով անոր պատուիրած գործը։ Այս բանը ընդհանուր եղբայրութեան հանգամանքը ունի՝ հոգուով եւ ճշմարտութեամբ - «Այնպէս խորհիլ եւ ընել ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ըրաւ, որ հնազանդ եղաւ Հօր՝ մահու չափ, եւ նոյնիսկ մինչեւ խաչի վրայ մահուան պահին» (Փիլ Բ. 8)։ Եւ ան՝ ամօթ չհամարեց եղբայր անուանել աստուածային կրօնի կարգին կոչուածները եւ հրաւիրեալները, եւ ըսաւ - «Քու մասիդ իմ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, եւ քեզ պիտի օրհնեմ եկեղեցիներուն մէջ»  (Սաղմ ԻԱ. 22)։ Եւ այսպիսի հաւանող մտքով եւ սուրբ սիրով պէտք է հեռանալ բոլոր վնասակար բաներէն՝ որոնք դէպի երկիր կը քաշեն, եւ հետեւիլ վերնայիններուն, երկնայիններուն եւ անմահներուն՝ որոնց էութիւնը կուսութեամբ եւ անարատ վարքով է, եւ միշտ փառաբանիչ՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան։»








All the contents on this site are copyrighted ©.