2016-08-06 12:00:00

Բարեկենդան Աստուածածնի– Աւետարանական ընթերցում Մարկոս 2, 13-17


13 Դարձեալ գնաց ծովեզերք: Ամբողջ բազմութիւնը իրեն կու գար, եւ անոնց կը սորվեցնէր:

14 Երբ կ'անցնէր` տեսաւ Ղեւի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստած էր, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ան ալ կանգնեցաւ ու հետեւեցաւ իրեն:

15 Երբ *սեղան նստած`` էր անոր տան մէջ, շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ. որովհետեւ շատե՛ր կը հետեւէին անոր:

16 Երբ դպիրներն ու Փարիսեցիները տեսան թէ ան կ'ուտէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ կ'ուտէ ու կը խմէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»:

17 Երբ Յիսուս լսեց` ըսաւ անոնց. «Ո՛չ թէ առողջներուն բժիշկ պէտք է, հապա` հիւանդներուն: Ես եկայ ո՛չ թէ արդարները կանչելու, հապա` մեղաւորները*»:








All the contents on this site are copyrighted ©.