2016-08-05 09:29:00

Օգոստոս 5ին, Հռոմի Եկեղեցին, կը ոգեկոչէ ''Ձիւնի Տիրամօր'' յիշատակը


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի մէջ, աւելի քան 100 եկեղեցիներ նուիրուած են Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Անոնցմէ ամենէն մեծն ու հռչակաւորը` Տիրամօր աւագ տաճարն է, Քահանայապետական չորս պազելիքաներէն մին։

Անիկա ժամանակին կոչուած էր Լիպերեան տաճար ու կը գտնուի Էսքուիլինօ բլուրին գագաթը։

Լիպերիոս քահանայապետը` 325-366 հեթանոսական այդ տաճարը դարձուց քրիստոնէական պազիլիքայ։ Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կարելի եղաւ հրաշքի մը բերումով։

Լիպերիոս Քահանայապետը արդարեւ տեսիլք մը ունեցաւ եկեղեցի մը կերտելու Աստուածամօր ի պատիւ, Էսքուիլինօ կոչուած բլուրին վրայ, եւ այդ տեսիլքին որպէս փաստ` Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ձիւնի հրաշքը կը կատարէ եւ   օգոստոս 5-ին, տաք գիշերուան ընթացքին, էսքուիլինօ բլուրին վրայ ձիւն տեղացնել կու տայ։

Այս երեւոյթին դիմաց, Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել կու տայ հողը որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամին նուիրուած աւագ տաճարը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար։

Ահա այս պատճառաւ ամէն տարուայ օգոստոս 5ին կը յիշատակուի Ձիւնի Տիրամօր տօնը։ Նոյն օրը կը վերակոչուի տաճարին սրբագործումը որ տեղի ունեցած է 5 օգոստոս 358 թիւին Լիպերիոս քահանայապետի ձեռքով։

Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարը նաեւ կը կոչուի ս. Կոյս Մարիամի Մսուրը, որովհետեւ արդէն 4-րդ դարէն առաջ հոն կը պահուէին հին մսուրի մը փայտերը, որ ժողովրդական աւանդութիւնը կը վերագրէր այն խանձարուրին որ պատած էր Մանուկ Յիսուսը Բեթղեհէմ քարայրին մէջ։

Այսօր` Ուրբաթ 5 օգոտոսի առաւօտեան ժամը 10-ին, Մարիա Մաճճորէ` Տիրամօր աւագ տաճարին գահերէցը Կարդինալ Սանթոս Ապրիլ Տի Քասթելլօ`նախագահեց տաճարին օծման արարողութեան տարեդարձին նուիրուած  ս. պատարագը,­ մինչ յետմիջօրէին նախատեսուած երեկոյեան ժամասացութիւն եւ այլ արարողութիւններ ապա երեկոյեան` տեղի կ՛ունենայ սպիտակ ծաղիկի փեթակներու անձրեւը որ կ՛իջնէ տաճարի գմբեթէն եւ առաստաղէն ի յիշատակ 358ի ձիւնի հրաշքին։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, առաքելական միջազգային այցելութիւններէն առաջ եւ վերջ սովոր է այցելել Տիրամօր նուիրուած այս տաճարը եւ այնտեղ գտնուող ''Սալուս Փոփուլի Ռոմնաի - Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւն'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ աղօթել Տիրամօր հովանիին յանձնելով կատարելի առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձին շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.