2016-08-05 09:14:00

Մոսուլէն եւ Նինուէէն Քրիստոնեաներու վտարումին 2-րդ տարեդարձին առթիւ ուխտագնացութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) 6 եւ 7 օգոստոս 2014-ի գիշերը` 120 հազար քրիստոնեաներ ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուները ու դիմել գաղթականութեան փախչելու համար Իսլամական Պետութեան վայրագութիւններէն։ Այդ ողբերգական տեղահանութեան երկրորդ տարեդարձին առթիւ, Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական կազմակերպութիւնը, 6 օգոստոսին, կազմակերպած է գիշերային ուխտագնացութիւն մը որ` մեկնելով Հռոմի Յոյն Կաթողիկէներու Սանթա Մարիա Ին Քոզմէտին Պազիլիքայէն, պիտի ուղղուի դէպի ''Աստուածային Սէր'' Հռոմի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրը։

''Իրաքի Քրիստոնեաները ստիպուած եղան ամէն ինչ թողուլ ու հեռանալ, չուրանալու համար իրենց հաւատքը։ Անոնք արժանի են յիշատակուելու մեր աղօթքներուն մէջ, եւ անոնց ցուցաբերելու ենք զօրակցութեան գործօն արտայայտութիւններ, ինչպէս է պարագան այս ուխտագնացութեան։ Սրտանց շնորհակալ եմ ուխտագնացութիւնը կազմակերպողներուն'' յայտարարած է Քաղդէացի Հայր Ռեպուար Պազա, որ կոչ ուղղած է աշխարհին` ձեռք ձեռքի տալու եւ արմատախիլ ընելու Իսլամական Պետութեան ախտը` ու բռնութեան եւ ատելութեան գաղափարախօսութիւնը։

Վերոնշեալ տարեդարձին առթիւ Քաղդէացիներու Եկեղեցւոյ Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ պատգամ մը յղած է իր հաւատացեալներուն, որուն մէջ  մատնանշած է այդ ողբալի օրերուն եւ իրադարձութիւններուն հաստատելով թէ ''մինչեւ օրս բանութիւնը չէ յաղթահարուած ու հակամարտութիւնները կը շարունակուին, այնպէս ինչպէս Մարդկային Իրաւունքներու դէմ խախտումները աճում կ՛արձանագրեն, մինչ ազգային հաշտութեան գործընթացն ու այդ ուղղութեամբ ջանքերը յառաջդիմութիւն չեն արձանագրեր''։

Պատրիարքը ապա  մատնանշած է սոյն կացութենէն յառաջացած ժխտական հետեւանքներուն եւ կոչ ուղղած է Մոսուլի ու Նինվէի ազատագրումին ի սպաս, Իրաքցիներուն առաջարկելով մի քանի թելադրանքներ­­, որոնցմէ առաջինը` մէկդի դնել ոխն ու ատելութիւնը ու միացած մնալ, ''որովհետեւ միութիւնը փրկութեան կը տանի'' հաստատած է Պատրիարքը, հուսկ  զգուշացուցած է այն անձերէն` որոնք կը փորձեն ''պատանդ'' առնել կրօնն ու երկիրը, ինչպէս նաեւ այն կազմակերպութիւններէն որոնք կը շարունակեն զէնք ու դրամ տրամադրել ի սպաս պատերազմին, գործելով ''Մահացու Մեղքեր'', որովհետեւ, գրած է Պատրիարքը, ահաբեկիչը միայն այն անձը չէ որ ոճիրը կը գործէ, այլ է նաեւ այն անձը որ կը քարոզէ, կը ֆինանսաւորէ եւ կը կազմակերպէ այդ կործանիչ գաղափարախօսութիւնը։

Սաքօ Պատրիարքը հուսկ հրաւէր ուղղած է չկորսնցնել յոյսը պահանջելով նաեւ  քաղաքական փոփոխութիւններ ու նոր սահմանադրութիւն մը­, որ կարող ըլլայ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները­, որպէսզի, մաղթանք յայտնած է Ան, Իրաքը վերադառնայ իր անցեալի շքեղութեան որպէս` գեղեցիկ, մեծ ու բազմազանութեան ընտանիք։

Քաղդէացիներու Պատրիարքը հուսկ ակնարկելով գաղթականութեան երեւոյթին ու քրիստոնեայ ընտանիքներուն որոնք գաղթականութեան դիմեցին ու հեռացան երկրէն, կը հրաւիրէ զանոնք չկորսնցնել հաւատքը­, որովհետեւ ''Այն Աստուածը որուն կը հաւատան եւ որ թոյլ տուաւ որ անոնց ինչքերը կողոպտուին պիտի օգնէ զիրենք վերադառնալու իրենց տուները ու վերջ պիտի դնէ անոնց ցաւերուն''։

Պատգամի աւարտին Պատրիարքը իր ցաւակցութիւնները յայտնած է բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան ահաբեկչութեան, նորոգելով իր զօրակցութեան արտայայտութիւնները ու վստահեցնելով իր աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.