2016-08-05 10:11:00

«Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի յանցագործութիւնները կրնան Ցեղասպանութիւն որակուիլ» կ՛ըսէ Պան Քի Մուն


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն 3 օգոստոսին յայտնած է, որ Իրաքի Սինճար շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործողութիւնները կրնան որակուիլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ եւ մինչեւ իսկ ցեղասպանութիւն: Ան առաջարկած է Իրաքի կացութեան հարցը յանձնել Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանի քննութեան:

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ Իրաքի հիւսիսարեւմտեան Սինճար շրջանի բռնագրաւման երկրորդ տարելիցին կապակցութեամբ կատարուած գրաւոր յայտարարութեան մէջ ՄԱԿ-ի ղեկավարը դատապարտած է «հրէշաւոր յանցագործութիւնները», որոնք ահաբեկիչները կը շարունակեն կատարել երկրի տարբեր ազգային եւ կրօնական խումբերուն դէմ:

Ան մտահոգութիւն յայտնած է անվտանգութեան նկատմամբ այն մարդոց, յատկապէս «հազարաւոր եզիտի կիներուն եւ երեխաներուն», որոնք կը մնան ՏԱՀԵՇ-ի գերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ անոնց ազատումը պէտք է ըլլայ զինուորական գործողութիւններուն գերակայ նպատակը:

Սինճարի շրջանը, որ կը գտնուի Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ, բնակեցուած է առաւելապէս եզիտիներով: Քաղաքը ծայրայեղականներու կողմէ բռնագրաւուած էր օգոստոս 2014-ին եւ քրտական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ազատագրուած` 2015-ի վերջաւորութեան: Բռնագրաւումի ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մահուան սպառնալիքով եզիտիներէն կը պահանջէին իսլամանալ: Գրեթէ 40 հազար եզիտիներ փախուստ տուած են դէպի իրաքեան Քիւրտիստանի տարածք, աւելի քան 50 հազարը պատսպարուած են մօտակայ լեռնային վայրին մէջ: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գերեվարած են հարիւրաւոր եզիտի կիներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ հիմա կը մնան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.