2016-08-04 16:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Ասսիզի. ''Աստուած երբեք չի յոգնիր ներում շնորհելէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 4 օգոստոս 2016-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ասսիզիի ներումի 800-րդ տարեդարձին առթիւ եւ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս,­ ուխտագնացութեամբ մեկնեցաւ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սրբավայր` այցելելու նոյնինքն Սուրբ Ֆրանչիսկոսի վերանորոգած փոքրիկ մատուռը (Փորցիունքոլան) որ այսօր կը գտնուի Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի մայր տաճարին ներքոյ եւ վայր է ուխտագնացութեան։

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն Ինքնաթիռով մեկնեցաւ ժամը 15.00ին եւ Ասսիզի ժամանեց 15.40-ին ուր զինք դիմաւորեցին Ասսիզի- Նոչերա - Ումպրա - Կուալտօ Թատինօ թեմին առաջնորդ` գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինոն ընկերակցութեամբ Ումպրիա Նահանգի նախագահ` Քաթիուշիա Մարինիի, Փերուճիա քաղաքի ոստիկանապետ` Ռաֆֆայելէ Քաննիծարօյի եւ Ասսիզիի քաղաքապետ` Տիկ Սթեֆանիա Փրոյեթթիի։

Յայտնենք է այս երկրորդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Ասսիզիի սրբավայրը,  2013-ի 4 Հոկտեմբերին կատարած հովուական միօրեայ այցելութենէն ետք։

Ասսիզի ժամանելէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ  ուղղուեցաւ ''Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի  - Հրեշտակներու Տիրամայր'' պազիլիքա, ուր`''Փորցոիունքոլայի'' փոքրիկ մատրան մէջ պահ աղօթքի մէջ ամփոփուելէ ետք, խորհրդածութիւն մը ներկայացուց, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (գլ 18, 21-35) որուն մէջ Պետրոս հարց կու տայ Յիսուսին թէ ''Քանի՞ անգամ պէտքէ ներել եղբօր մը որ իր դէմ կը մեղանչէ''։

Մեկնաբանելով Աւետարանական վերոնշեալ հատուածը Սրբազան Քահանայապետը  խորհրդածութեան սկիզբը ուզեց յիշել խօսքերը զոր աւանդութեան համաձայն Սուրբ Ֆրանչիսկոս արտասանած էր ճիշդ այդ վայրին մէջ, եպիսկոպոսին եւ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեամբ ''կ՛ուզեմ բոլորդ դրախտ ուղարկել''։

''Ի՞նչ աւելի գեղեցիկ բան կարող էր խնդրել Ասսիզացիի Աղքատիկը եթէ ոչ փրկութեան շնորհքը, Աստուծոյ հետ յաւիտենական կեանքն ու անվերջ երջանկութիւնը որ Յիսուս իր մահով եւ Յարութեամբ մեզի համար ընդունած էր'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ դրախտը ուրիշ բան չէ թէ  ոչ սիրոյ խորհուրդը զոր մեզ կը կապէ Աստուծոյ` որպէսզի զինք գոհաբանենք առ յաւէտ։

''Մենք հաւատքի ապրումի մէջ երբեք միայնակ չենք, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը­ ակնարկելով սորբերու հաղորդութեան ու հաստատելով թէ մեր ուղեւորութեան  կ՛ընկերանան Սուրբերն ու երանելիները ու նաեւ մեր սիրելիները որոնք պարզութեամբ եւ ուրախութեամբ ապրեցան հաւատքը ու զայն վկայեցին իրենց կեանքին մէջ''։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա ''ներումի'' մասին զայն ներկայացնելով  որպէս ճանապարհը` հասնելու համար դրախտին։

''Ի՞նչ մեծ պարգեւ մը նուիրեց մեզի Տէրը մեզի սորվեցնելով ներել ու ձեռքով դպչիլ Հօր ողորմութեան'', ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց աւետարանական ընթերցումին հարց տալով ''ինչու՞ պէտք ենք ներել անձի մը որ մեզի չարիք պատճառեց'' ապա պատասխանեց ''որովհետեւ մենք եղանք առաջինները որ ներում ընդունեցանք''։

Առակը արդարեւ կ՛ըսէ ''այնպէս ինչպէս Աստուած մեզ կը ներէ, մենք եւս ներերու ենք անոնց որոնք մեզի չարիք կ՛ընեն, ճիշդ Հայր մեր աղօթքի մէջ մեր արտասանած խօսքերուն նման ''Ներէ մեզի մեր մեղքերը, այնպէս ինչպէս մենք կը ներենք ուրիշներուն''։

Մեզմէ ամէն մին արդարեւ կարող է ըլլալ առակի այն ծառան որ մեծ պարտք մը ունի վճարելիք, այնքան մեծ որ չի կրնար զայն փակել։ Մենք եւս, խոստովանարանին մէջ, ծունկի կու գանք Քահանային դիմաց եւ ուրիշ բան չենք ընէր եթէ ոչ, այդ ծառային խօսքերը կրկնել ''Տէր, համբերութիւն ունեցիր''։

''Աստուած չի յոգնիր երբեք իր ներումը մեզի շնորհելէ, ամէն անգամ որ զայն կը հայցենք'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ այդ ներումը ընդհանրական է։ Ան արդարեւ մեր վրայ կը գթայ եւ չի դադրիր մեզ սիրելէ։ Աստուծոյ ներումը սահման չի ճանչնար, ան աւելի անդին կ՛երթայ որեւէ երեւակայութենէ, ու կը հասնի բոլոր անոնց որոնք իրենց սրտի խորքին մէջ կը ճանչնան իրենց սխալը ու կը փափաքին վերադառնալ Իրեն։ Աստուած կը նայի այն սրտին որ կը փափաքի քաւութիւն ընդունիլ։

Հարցը սակայն կը ծագի երբ մենք կը նայինք մեր եղբօրը որ մեր դէմ փոքրիկ յանցանք գործած է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով առակին մէջ նշուած այն ծառային որ հակառակ պարական ըլլալուն, գթութիւն ընդունած էր Թագաւորէն, մինչ իրեն պարտական բարեկամին ''կոկորդեն բռնած խեղդելու աստիճան'' անորմէ կը պահանջեր որ պարտքը վճարէ, ապա զայն բանտ նետել կու տայ։

''Այս իրադարձութեան մէջ կը յայտնուի բոլոր մեր մարդկային յարաբերութիւններու ողբերգութիւնը'' ըսաւ Սրբազան քահանայապետը։ Երբ մենք ուրիշներու պարտական ենք, ողորմութիւն կը հայցենք իսկ երբ ուրիշը  մեզի պարտական է արդարութիւն կը պահանջենք։

Ասիկա սակայն Քրիստոսի աշակերտներու քրիստոնէավայել կենցաղը չէ։ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ներել, ու այս մէկը ընել անսահման օրէն. Չեմ ըսէր եօթն անգամ, այլ մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ի յայտ դնելով առակին վերջին խօսքերը ''Այսպէս պիտի վարուի ձեզի հետ Երկնաւոր Հայրս,­ եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը բոլոր սրտով չներէ իր եղբօր''։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին, Ներումը որուն միջոց դարձաւ Ֆրանչիսկոսը, այստեղ Փորցիունքոլային մէջ կը շարունակէ դրախտ յարուցել ութը դարերէ ի վեր։

Այս Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ընթացքին աւելի ակնյայտ կը դառնայ թէ ինչպէս ներումի ճանապարհը կարող է վերանորոգել Եկեղեցին եւ աշխարհը։ Ողորմութեան վկայութիւնը  այսօրուայ աշխարհին ընծայելը պարտականութիւն մըն է որմէ ոչ մէկը կրնայ խուսափիլ։ Աշխարհը կարիքը ունի ներումին։ Հայցենք Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն որ մեզի համար բարեխօսէ որպէսզի չի հրաժարինք ներումի հեզ նշաններ եւ ողորմութեան խոնարհ գործիքներ դառնալէ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ողջունէ ներկայ գտնուող եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը եւ կ՛ուղղուի Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան Վանքի բուժարան ուր հանդիպում կ՛ունենայ այնտեղ խնամուած կրօնաւորներուն հետ, ինչպէս նաեւ բուժարանի անձնակազմին հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա վանքէն դուր գալով Պազիլիքայի մուտքին կ՛ողջունէ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հուսկ կ՛ուղղուի ''Միկակելլի'' մարզադաշտ որտեղէն ուղղաթիռով  վերադարձ կը կատարէ Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 7-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.