2016-08-04 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Տոմինիքեաններու ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Առաքելական պալատին մէջ  ընդունեց Տոմինիքեան միաբանութեան  ընդհանուր ժողովին մասնակից հայրերը­,  որոնք այս տարի կը նշեն նաեւ միաբանութեան հիմնարկութեան 8-րդ հարիւրամեակը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանաայպետը այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ակնարկեց  միաբանութեան հիմնադիր` Սուրբ Տոմինիքոյին, որմէ Աստուած խնդրեց  հիմնել քարոզիչներուն միաբանութիւն մը ու մէջբերեց Սուրբէն մի քանի խօսքեր՝ քարոզչութեան վերաբերեալ, Նորին Սրբութիւնը  ընդգծեց,  թէ առանց  Աստուծոյ հետ անձնական զօրաւոր կապին, քարոզչութիւնը թէեւ կրնայ կատարեալ ու հմայիչ ըլլալ, սակայն չի դպչիր սրտերուն , ու հաստատեց թէ Քարոզիչը  սիրոյ վկան է   եւ առանց անոր ամէն  ինչ կասկածելի եւ  վիճելի կը դառնայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ,  շրջապատուած ենք  անթիւ այր մարդոցմով  ու կիներով,  որոնք ծարաւն ունին Աստուծոյ , մատնանշելով թէ  այս մարդիկը ,  Քրիստոսի կենդանի մարմինն են ­­,  որոնք կ՝աղաղակեն ըսելով  ծարաւի եմ,   եւ սոյն  Քրիստոսի կենդանի մարմնի կոչը  հրաւէր մըն է ուղղուած բոլորին, զոր պէտք է  նկատուի միսիոնարականութեան սիրտը։   

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ճառին աւարտին շեշտը դրաւ ՝՝դէպի դուրս առաքելութեան՝՝ վրայ եւ հաստատեց թէ ՝՝Որքան որ դուրս գանք յագեցնելու համար ուրիշներուն ծարաւը , այնքան աւելիով պիտի դառնանք ճշմարտութեան քարոզիչներ՝՝< ապա ընդգծեց­  թէ Քրիստոսի  կենդանի մարմնին հետ հանդիպումով մենք կը դառնանք աւետարանիչներ եւ կը գտնենք քարոզիչներ դառնալու  սէրը­։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց  քաջալերելով Տոմինիքեան միաբանութեան անդամները  ուրախութեամբ հետեւելու Սուրբ Տոմինիքոյէն  խարիզմին, որովհետեւ անոր տիպարը սլացք  է դիմագրաւելու համար ապագան՝ յոյսով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.