2016-08-04 09:32:00

Ռիօ-2016. Հայաստանի դրօշը կը ծածանի Ողիմպիական մայրաքաղաքին մէջ։


31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը կը սկսին վաղը: Ռիոյի Ողիմպիական աւանին մէջ արդէն կը բնակին 120-է աւելի երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Ողիմպիական խաղերու մասնակից երկիրներու  դրօշները արդէն կը ծածանին Ռիոյի Ողիմպիական աւանին մէջ: Բարձրացած է նաեւ Հայաստանի դրօշը, որուն բարձրացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ:

Ռիօ կը գտնուի Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հիմնական մասը` ծանրաբարձները, բռնցքամարտիկները, լողորդները, աթլեթները, հրաձիգը: 1 Օգոստոսին Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականին միացան նաեւ մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեանն ու Յարութիւն Մերտինեանը, որոնք Ռիոյէն ոչ հեռու գտնուող Պլումենաու քաղաքին մէջ վերջին մարզումները կը  կատարէին Հայաստանի ազգային  հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի ղեկավարութեամբ:

Հաւաքականին միացաւ նաեւ ճիւտոյի մրցաշարքին մէջ  Հայաստանի միակ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Դաւթեան:

Ողիմպիական խաղերուն բացման ներկայ պիտի չըլլան  միայն յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբիշները: Անոնք ողիմպիական խումբին պիտի  միանան 9 Օգոստոսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.