2016-08-04 09:36:00

Պէտք չէ կորսնցնել Արցախի բանակցութեանց մէջ դրական այս պահը. Ուորլիք


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ ստեղծուած դրական պահը:

Դիւանագէտը շեշտած է, թէ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրները հաւատարիմ են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակման:

Ուորլիք նաեւ յայտնած է, որ համանախագահները այժմ կ՛ուսումնասիրեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յաջորդ հանդիպման կազմակերպման հնարաւորութիւնը։

«Ներկայ դրութեամբ, չկան տարածաշրջան այցելելու յստակ ծրագիրներ, սակայն մենք միշտ շփումներու մէջ ենք կողմերուն հետ՝ կապուած նախագահներու յաջորդ հանդիպման նախապատրաստման հետ», ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.