2016-08-04 10:25:00

Ողորմութեան նիւթը կը կազմէ Պրազիլի մէջ Կոչումներւ ամսուան առանցքը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հօր նման ողորմած'' այս է նիւթը զոր Պրազիլի Եպիսկոպոսները ընտրած են 2016-ի կոչումներու ամսուայ համար որ կը նշուի օգոստոս ամսուայ ընթացքին։

''Ներշնչուած Ողորմութեան սուրբ տարուայ յոբելեանէն, սոյն նիւթը կ՛ուզէ հանդիսանալ հրաւէր մը բոլոր աշխարհական հաւատացեալներուն, կրօնաւորներուն ու քահանաներուն ''աւելիով  յանձնառու ըլլալու'' եւ ''խորհրդածելու'' իրենց կոչումի մասին, հետեւելով ողորմած հօր Աստուծոյ օրինակին'' ըսած է գերապայծառ Ժէյմ Սփլենկէր` Պրազիլի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Կղերականներու յանձնախումբի նախագահը։ Մինչ կոչումներու հովուական խնամակալութիւնը համադրողը` գերապայծառ Խօսէ Ռոպերթօ Ֆորթէս հաստատած է թէ ամէն մէկ կոչում արդիւնք է Աստուածային ողորմութեան` արդիւնքն է ողորմած  Յիսուսի հայեացքին։

Կոչումներու ամսուան առթիւ պատրաստուած է ուղեցոյց մը որուն մէջ պարունակուած են մտածականի երեք նիւթեր ''Կոչումը կը ծնի եկեղեցւոյ մէջ'', ''Կոչումը կ՛աճի եկեղեցւոյ մէջ'' եւ ''Կոչումը մշակուած է Եկեղեցւոյ մէջ'', ապա աղօթքներ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչումի  մասին խորհրդածութիւններ­­, ինչպէս նաեւ ամսուայ չորս կիրակիներու յատկացուած ընթերցանութիւններ հայող` Սարկաւագական, Քահանայական եւ եպիսկոպոսական, Ամուսնութեան հուսկ նուիրեալ կեանքի եւ աշխարհականներու կոչումներուն։

Պրազիլի կոչումներու Հովուական խնամակալութեան նախագահը` հրաւէր ուղղած է համայն պրազիլցի հաւատացեալներուն միասնաբար աղօթելու եւ Տիրոջմէ հայցելու որ մշակներ ուղարկէ իր հունձքին համար, ու երիտասարդներուն մէջ արծարծէ իղձը վեհանձնօրէն համապատասխանելու Տիրոջ կոչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.