2016-08-03 09:35:00

Քլինթըն իր ժողովրդականութեան ցուցանիշով կը գերազանցէ Թրամփը


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Օ.ԱՌ.ՍԻ. Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան հետ միասին «Սի.Էն.Էն.»-ի կատարած հարցախոյզին 1 օգոստոսին հրապարակուած արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն ամերիկացի ընտրողներու մօտ իր ժողովրդականութեան ցուցանիշով կը գերազանցէ իր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփին:

Նոր տուեալներուն համաձայն, այս տարուան նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութեան Քլինթընի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած է հարցախոյզին մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը, իսկ Թրամփին մտադիր է աջակցիլ ընտրողներուն 43 առ հարիւրը: Այսպիսով, դեմոկրատական թեկնածուն 9 տոկոսային կէտով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:

Նոյն ընկերութիւններու մէկ շաբաթ առաջ կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ յառաջատարը Թրամփն է: Անոր կ՛աջակցէր հարցախոյզին մասնակիցներուն 48 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին` 45 առ հարիւրը:

Այս առնչութեամբ «Սի.Էն.Էն.» կը նշէ, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովէն ետք, «ինչպէս կ՛երեւի, աւելցած է թիւը այն ամերիկացիներուն, որոնք կը կարծեն, թէ Քլինթընի քաղաքական տեսակէտները պիտի օգնեն երկիրը տանելու ճիշդ հունով»:

Բացի ատկէ, ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի տուեալներուն, հարցախոյզին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը այս անգամ յայտարարած է, որ պատրաստ է Քլինթընին ձայն տալու ոչ թէ ընդդէմ Թրամփի, այլ այն պատճառով, որ իրենք իրապէս կը պաշտպանեն արտաքին գործոց նախկին նախարարին տեսակէտները:








All the contents on this site are copyrighted ©.