2016-08-03 09:15:00

Իտալիոյ ''Էմիլիա Ռոմանիա'' Նահանգը եւս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


Ընդառաջելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին` 2015-ին ուղղած կոչին, Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա նահանգը, ի շառս բազմաթիւ քաղաքապետական ու նահանգային իտալական ազգային իշխանութիւններու, անցեալ Յուլիս 28-ին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին, Նահանգի վարչական Խորհուրդէն կը խնդրէ ''աջակցիլ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնող պատմական եւ ուսումնասիրական նախաձեռնութիւններու իրագործման ու ցեղասպանութեան պատմութեան տարածումին, ինչպէս նաեւ համագործակցիլ թուրք ու հայ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան գործընթացքին, մեկնելով պատմական փաստերու ճանաչումէն, ու վերակենդանացնելով այդ պատմութեան յիշատակը` հանրային, ուսումնասիրական եւ այլ ձեռնարկներու միջոցաւ''։

Նշենք թէ Էմիլիա Ռոմանիա Նահանգը կը հանդիսանայ 104 իտալական քաղաքական վարչութիւնը որ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ընդհանուր ցանկը կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէին վրայ http://www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricorda/։

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը, ի լուր Էմիլիա Ռմանիայի նահանգի հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւի ընդունման, շնորհակալական նամակ յղեց Նահանգի Խորհրդարանի անդամներուն, որուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց աջակցութեան` ''Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի պայքարին'' ինչպէս նաեւ ''ճշմարտութաեն եւ արդարութեան կողքին իրենց բռնած այս դիրքորոշման համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.