2016-08-03 09:39:00

Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի դէպի Հայաստան 52րդ առաքելութիւնը յաջողութեամբ պասկուած է


ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի (The Armenian EyeCare Project) 52րդ առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցած է Յունիս 25էն Յուլիս 5ի միջեւ, յաջողութեան նոր էջ մը աւելցուցած է մօտաւորապէս 25 տարի առաջ հիմնուած սոյն կազմակերպութեան պատմութեան մէջ։

Առաքելութիւնը գլխաւորած է ծրագիրի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ռաճըր Օհանեան, իսկ անոր մասնակցած են Միացեալ Նահանգներէն շարք մը ակնաբոյժներ, որոնք շարժական դարմանատուներով աչքի քննութիւններ կատարած են տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այդ մարզի նորագոյն գիտելիքները փոխանցած են Հայաստանի ակնաբոյժներուն։

Այս տարուան առաքելութեան ընթացքին, Երեւանի «Մալայեան» ակնաբուժական դարմանատան մէջ բացումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց մասնագիտական մարզումները իրականացուցած աչքի վիրաբոյժներու կողմէ ղեկավարուելիք ենթաբաժանումներու: Այս այցելութեան ընթացքին, տոքթ. Ռաճըր Օհանեան նաեւ առիթը ունեցած է մարզելու դարմանատան նոր ակնաբոյժները։

Երեւանէն դուրս գալով՝ առաքելութեան մասնակիցները առիթը ունեցած են այցելելու Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի շարժական նոր դարմանատունը, որ պիտի գործէ Վայոց Ձորի մէջ, արդի դարմանումներու կարելիութիւններ հասցնելով այդ մարզի բնակիչներուն։

Մասնակիցները նաեւ այցելած են Տաւուշ մարզի Իջեւան քաղաքին մէջ գործող ծրագիրին առաջին շրջանային դարմանատունը՝ Հայկ Պոյաճեանի անունով, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր 2015ին:

Նաեւ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի երկրորդ շրջանային դարմանատան՝ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեաններու անունով, Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ: Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի առողջապահութեան փոխնարար Վահան Պօղոսեան, Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեան եւ այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ առաքելութեան մասնակիցները։

Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին նպատակն է՝ մինչեւ 2020 թուական շրջանային յաւելեալ երեք նման դարմանատուներ հաստատել Հայաստանի մէջ, իրականացնելու համար 5 տարուան ընթացքին 5 դարմանատուներ հաստատելու 5 միլիոն տոլար արժող նախաձեռնութիւնը։

Առաքելութեան անդամները նաեւ առիթը ունեցած են մասնակցելու մասնագիտական երկու խորհրդաժողովներու, որոնց ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնները աչքի խնամքի մարզէն ներս։

Մինչ առաքելութեան իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին դարմանումները, վիրաբուժութիւնները եւ խորհրդաժողովներու մասնակցութիւնը մասնակիցներու ժամանակին գլխաւոր բաժինը խլած են, անոնք նաեւ մասնակցած են ընկերային շարք մը նախաձեռնութեանց, ինչպէս նաեւ ներկայ եղած են Ֆրանսիս պապի Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթին։

Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց, նուիրատուութեանց կամ ծրագիրին յաջորդ առաքելութեան մասնակցելու մանրամասնութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (949) 933-4069 թիւին կամ այցելել www.eyecareproject.com կայքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.