2016-08-02 09:33:00

ՊԾԳ տարածքի զաւթման պատճառով ձերբակալուած է 47 անձ։


Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի զաւթման առիթով 17 յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ Քրէական օրէնսգիրքի 219 (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրութիւն, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելը) եւ 235 (ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, օգտագործելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) յօդուածներու յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ ձերբակալուած է 47 անձ: 24 անձի նկատմամբ տարբեր մեղադրանքներ առաջադրուած են Քրէական օրէնսգիրքի 218 (պատանդ վերցնելը), 219 եւ 235 յօդուածներով:

1 օգոստոսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութիւնը գրաւոր միջնորդութիւն ներկայացուցած է գլխաւոր դատախազութիւն` նշուած քրէական գործը, Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 190 յօդուածով նախատեսուած քննչական ենթակայութեան կանոններուն համապատասխան, նախաքննութեան այլ մարմինի մը յանձնելու վերաբերեալ:

Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են զինուած խումբի երեք անդամներ: Համապատասխան բուժում ստանալէ ետք անոնք տեղափոխուած են «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»: Նոյն կեդրոնը տարուած է նաեւ ոստիկան մը, որ կը բուժուի տուեալ բաժանմունքին մէջ:

29 յուլիսին Խորենացի փողոցին եւ Սարի թաղին մէջ տեղի ունեցած դէպքին իբրեւ հետեւանք Երեւանի բժշկական հաստատութիւններ դիմածներէն 5-ը բուժուած եւ դուրս եկած են հիւանդանոցէն: Ներկայիս հիւանդանոցային բուժում կը ստանայ 17 անձ, որոնցմէ երեքը ոստիկան, երկուքը` լրագրող:

Ընդհանուր առմամբ, 17 յուլիսէն ի վեր ծաւալած իրադարձութիւններուն պատճառով հիւանդանոցային բուժման տակ կը մնան 25 անձեր, որոնցմէ 6-ը` ոստիկան, 2-ը` լրագրող, 3-ը` զինեալ խումբէն: Վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ են հինգ անձեր:

 

Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ոստիկանական
Բռնութեան Առնչուած Նիւթեր Ուղարկած Է Դատախազութեան

Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Սարի թաղին մէջ 29-30 յուլիսին տեղի ունեցած խաղաղ հաւաքներուն ընթացքին քաղաքացիներուն նկատմամբ ոստիկաններուն կողմէ գործադրուած բռնութեան,  յատուկ միջոցներու կիրարկման, անոնց պատճառով հաւաքներուն մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Սարի թաղի բնակիչներուն հասած վնասներուն վերաբերեալ հաղորդումներն ու նիւթերը Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ ուղարկուած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն` քրէական հետապնդման յարուցման հարցը լուծելու նպատակով:

Ուղարկուած նիւթերը կը վերաբերին թէ՛ ոստիկանութեան ծառայողներուն, թէ՛ քաղաքացիներուն պնդումով, քաղաքացիի հագուստով ոստիկաններուն կատարած գործողութիւններուն:

Տունեա Միյաթովիչ Կոչ Ուղղած Է Հայաստանի Մէջ
Ապահովելու Լրագրողներուն Պաշտպանութիւնը

ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչ Տունեա Միյաթովիչ նամակ յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին` անկէ ակնկալելով հաստատել, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութիւններուն ատեն լրագրողները պաշտպանուած ըլլան:

«Կառավարութիւնը պէտք է առնէ գործնական քայլեր իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն ատեն ապահովելու զսպուածութիւն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ եւ առաջարկելու ձեւեր, որոնք պէտք է ներկայացուին իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ երաշխիք, որ լրագրողները ոստիկաններու կամ խուժանի թիրախ չեն դառնար: Ոստիկանութիւնը պէտք է պաշտպանէ լրագրողներն ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները», նշուած է նամակին մէջ:

Տունեա Միյաթովիչ անդրադարձած է 29 յուլիսին Սարի թաղի մէջ պատահած դէպքերուն, որոնց ընթացքին յարձակումի ու ծեծի ենթարկուած են լրագրողները ոստիկաններուն եւ մետաղեայ ձողերով քաղաքացիներուն կողմէ, նաեւ անոնց տեսախցիկները ջարդուած են:

Տուժած են լրագրողներ եւ նկարահանողներ Աղուան Ասոյեան, Ալպերթ Գալստեան, Մարիամ Գրիգորեան եւ Դաւիթ Յարութիւնեան, Կարլեն Ասլանեան, Յովհաննէս Մովսիսեան, Գարիկ Յարութիւնեան, Ռոպերթ Անանեան, Տիգրան Բադալեան, Մարութ Վանեան, Սարգիս Խարազեան, Մկրտիչ Կարապետեան, Յովիկ Գրիգորեան, Տիգրան Գասպարեան: Միյաթովիչ նամակին մէջ յիշած է նաեւ 21 յուլիսի բախումներուն ընթացքին տուժած լրագրողներուն` Գէորգ Թոսունեանի, Արտակ Համբարձումեանի, Արթուր Հայրապետեանի եւ Թեհմինէ Ենոքեանի անունները:

Քաղուած Ազդակ-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.