2016-08-02 11:38:00

Հայր Լոմպարտիի հրաժեշտի նամակը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած լրագրողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, որ 31 Յուլիս 2016-ին աւարտեց իր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը, 24 յուլիս 2016-թուակիռ հրաժեշտի նամակ մը յղած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր լրագրողներուն որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց որոնք իրեն ցուցաբերած են սիրոյ եւ գնահատանքի արտայայտութիւններ։

Հայր Լոմպարտի ապա մատնանշած է տասը տարիներու պաշտօնավարութեան ընդգծելով թէ ''միասնաբար լուսաբանեցինք երկու մեծ Պապերու վարդապետութիւնը ու ապրեցանք եկեղեցւոյ պատմութեան յատկանշական պահեր''։ Ան ապա շնորհակալական խօսք ուղղած է երկու քահանայապետերուն – Պենետիկտոս եւ Ֆրանչիսկոս -  որոնք, գրած է Հայր Լոմպարտի, ''զիս կոչեցին իրենց ծառայելու մօտէն, եւ ինծի օգնեցին ու քաջալերեցին առօրեայ գործիս մէջ, ըլլայ դժուար օրերուն ըլլայ ուրախ պահերուն''։

Հայր Լոմպարտին ապա նշած է թէ այսուհետեւ պիտի հետեւի Յիսուսի խօսքերուն  ''երբ կատարէք ինչ որ ձեզի հրամայուեցաւ ըսէք. ''Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել` ըրինք (Ղուկ 17,10)''։  Հուսկ ընդգծած է թէ պիտի շարունակէ հետեւիլ Տէրը ներկայացնողներու ցուցմունքներուն, ապա իր գնահատանքը յայտնած է բոլոր անոնց որոնք կը գործեն լրատուական ասպարէզէն ներս, այդ գործը համարելով մեծ պատասխանատուութիւն եւ ծառայութիւն ի սպաս ուրիշներուն։

Հայր Լոմպարտի նամակը եզրափակած է բոլոր լրագրողներուն մաղթելով յարատեւութիւն ու անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ հովանին, յատկապէս բարի մաղթանքներ ուղղելով Սուրբ Աթոռի գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնի վրայ իրեն յաջորդող Կրէկ Պուրքին ու անոր փոխանորդ` Փալոմա Կարսիա Օվեյերոյին։








All the contents on this site are copyrighted ©.