2016-08-01 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձաւ Վատիկան։


(Ռատիօ Վատիկան) 27-31 Յուլիս 2016, հինգ օր տեւած Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կիրակի 31 յուլիս 2016-ի երեկոյեան, կլիմայի անկայունութեան պատճառաւ մէկ ժամ ուշացումով վերադարձաւ Հռոմ, ապա Վատիկան։

Ճանապարհորդութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, հեռագիրներ ուղղեց այն երկիրներուն որոնց օդային տարածքին վրայէն կը սաւառնի որոնցմէ առաջինը եղաւ անշուշտ Լեհաստանը որուն նախագահին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր խորհին շնորհակալութիւնը ջերմ ընդունելութեան համար նախագահին ու համայն լեհ ժողովուրդին վստահեցնելով խաղաղութեան ու բարօրութեան ի սպաս իր աղօթքները։ Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրեր ուղղեց նաեւ Սլովաքիայի, Աւստրիայի, Սլովենիայի, Խրուաթիայի եւ Իտալիոյ նախագահներուն ու այս վերջինիս իր ողջոյնները ուղղելով մատնանշեց իր առաքելական ճամբորդութեան ուր` գրեց Սրբազան Քահանայապետը, հանդիպեցայ երիտասարդներու որոնք պատրաստակամ են յանձնառութեամբ գործելու ի սպաս ապագայի մը` արմատացած քրիստոնէական արժէքներու վրայ, որոնք կը կազմեն Եւրոպայի հոգեւոր ժառանգութիւնը։ Քահանայապետը ապա վստահեցուց Իտալիոյ բնակչութեան յատուկ աղօթքներ։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Ֆիումիչինօ օդակայան` Կիրակի 31 յուլիս 2016-ի երեկոյեան 21.34-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.