2016-08-01 09:19:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Քրաքովիայի ՅՊԲ-ի անուան միջազգային օդակայանին մէջ. Կիրակի 31 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան 6-15-ին կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեամբ, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` ԵՀՕ առթիւ Լեհաստան կատարած առաքելական 15-րդ ճամբորդութիւնը, որ սկիզբ առած էր անցեալ 27 Յուլիսին եւ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, բացի ԵՀՕ հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերելէն, այցելեց նաեւ Լեահստանի յատկանշական վայրեր ու գլխաւորեց կարեւոր արարողութիւններ, որոնց շարքին նշենք Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050 րդ տարեդարձին առթիւ Չեսթոքովայի Եազնա Կուրա Մարեմեան Սրբավայրը ուր` 28 Յուլիսին մատուցեց սուրբ պատարագը։

Յատկանշական վայրերու շարքին արժանի է նշել ապա Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարը ուր Նորի Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ ուրբաթ 29 Յուլիսին եւ որ յատկանշուեցաւ լռութեամբ։ Սրբազան Պապը չուզեց ոչ մի խօսք արտասանել` այլ լռութեամբ ու ամփոփումով եւ յատկապէս երկար ժամանակ յատկացնելով ուխտագնացութիւն կատարեց այն վայրերուն` ուր մարդը գործած է անասելի տմարդկային արարքներ։ Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տուաւ ''ի՞նչպէս կարելի է որ մարդիկ, ստեղծուած Աստուծոյ նմանութեամբ, կարող ըլլան այնպիսի վայրագութիւններ իրագործել''։

Ցաւի ու տառապանքի վայրերու ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը այցելեց նաեւ Քրաքովի մանկաբուժարանը։ Հինգշաբթի 28 Յուլիսի երեկոյեան ան ապա մասնակցեցաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերու հաւաքին իրեն վերապահուած  հիւրընկալութեան արարողութեան ուր իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն խրախուսեց զանոնք ըլլալու կեանքի ու պատմութեան դերակատարները, կերտելու եղբայրութեան կամուրջներ, մինչ ուրբաթ օրուայ երեկոյեան մասնակցեցաւ ԵՀՕ Խաչի ճանպահիի արարողութեան, որուն աւարտին արտասանած իր խօսքին մէջ հրաւիրեց երիտասարդները` ողորմութեան վկաներ դառնալու եւ ըլլալու Աստուծոյ սիրոյ նշանները աշխարհին մէջ հաստատելով թէ խաչի ճանապարհը յոյսի ճանապարհ է։

Շաբաթ 30 Յուլիսի յայտագիրի առանցքը կազմեց  ''ոորմութիւնը'' Սրբազան Քահանայապետը Աստուածային Ողորմութեան վանքն ու սրբավայրը, եւ Աստուածային ողորմութեան սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի դամբանը ապա Աստուածային Ողորմութեան ջերմեռանդութիւնը տարածողներու շարքին դասուած եւ ԵՀՕ հիմնադիր` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրբավայրը ուր եւ սուրբ պատարագի արարողութիւնը մատուցեց Լեհաստանի կղերական դասին հետ յորդորելով անոնց փակուած չմնալ եւ ըլլալ դէպի դուրս ընթացող եկեղեցի մը, մինչ երեկոյեան հանդիսապետեց ԵՀՕ աղօթքի հսկումը։

Յատկանշական եղան Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական օրակարգն դուրս կատարած երկու այցելութիւնները` առաջինը Քրաոքվիայի Ֆրանչիսկեաններու Տան ուր եւ Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց Փերուի մէջ նահատակուած Ֆրանչիսկեան երկու մարտիրոսներու դամբաններուն առջեւ Աստուծմէ հայցելով խաղաղութիւն եւ բռնութենէ ու ահաբեկչութիւններէ պահպանում, ի մէջ այլոց յիշելով բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ վիրաւորուեցան ահաբեկչական արարքներու ընթացքին։ Ան  աղօթեց նաեւ ահաբեկիչներուն համար որպէսի անոնք գիտակցին իրենց մեդքին ու վերագտնեն սիրոյ ճանապարհը։

Հինգ օր տեւող առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց երիտասարդութեան հաւաքին եզրափակիչ սուրբ պատարագը, որուն աւարտին յայտարարեց թէ յառաջիկայ Երիտասարդական Համաշխարհային օրերու հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին` Փանամայի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա խրախուսեց  երիտասարդները չի վախենալու, չի յուսահատելու եւ թոյլ չտալու որ ուրիշներ որոշումներ առնեն իրենց տեղ, այլ դառնալ դերակատարներ, հետքեր թողելով կեանքին ու պատմութեան մէջ, նայիլ ու ձգտիլ միշտ լաւագոյնին, ու երազել բարձր իրողութիւններ, ապա օրինակ դառնալ չափահասներուն ու անոնց սորվեցնել թէ ինչպէս կարելի է միասին ապրիլ հակառակ  մշակոյթներու եւ ինքնութիւններու տարբերութիւններուն, ապա գործել ի սպաս աւելի լաւ ու արդար աշխարհի մը, կառուցելով եղբայրութեան եւ սիրոյ կամուրջներ, սկսեալ մարդկային կամուրջէն զոր Նորին Սրբութիւնը պատուիրեց կառուցել այդ պահուն, հրաւիրելով բոլոր ներկաները ձեռք ձեռքի տալու։ 

Աշխարհը ձեզի կը նայի, Եկեղեցին ձեզի կը նայի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը անոնց վստահեցնելով թէ միայնակ չեն, թէ Յիսուս անոնց հետն է, թէ անոնցմէ կը պահանջէ արկածախնդիր ըլլալ, չի վհատիլ, չ՛ամչնալ մարդոց դատումէն, զգուշանալ աշխարհի անցողական հրապոյրներէն ու դիմել իսկական ուրախութեան ու երջանկութեան։

ԵՀՕ հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ այսօր եւ կը շարունակուի վաղը ամէն մէկ երիտասարդի տան մէջ, որովհետեւ Տէրը կ՛ուզէ ընկերանալ իւրաքանչիւրին իրեն առօրեայ կեանքին մէջ, Ան կը փափաքի որ ձեր ամէնօրեայ հանդիպումներու եւ շփումներու մէջ առաջին շարքին դնէք  աղօթքի ոսկէ թելը ու հետեւիք Աւետարանին որ կեանքի ճանպահներու ''ուղեցոյցն'' է ըսաւ Սրբազան Պապը երիտասարդներուն, հաստատելով թէ ''Յիսուս որ է ճշմարտութիւն` քեզ կը հրաւիրէ մէկդի դնելու բաժանումի, եւ անիմաստ գործերու ճանապարհը։ Կ՛ընդունի՞ս հրաւէրը։ կ՛ընդունի՞ս կրկնեց Սրբազան Պապը ու հարց տուաւ ''Ի՞նչ կը պատասխանեն քու ձեռքերդ եւ ոտքերդ Յիսուսին, որ է ճանապարհ ճշմարտութիւն եւ կեանք''։ Ան ապա Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցեց Սուրբ Հոգիին շնորհքը որպէսզի լուսաւորէ եւ թիկունք կանգնի երիտասարդներուն ճանապարհորդութեան Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին մէջ եւ որպէսզի անոնք ըլլան Աստուածային Ողորմութեան` աշակերտներն ու վկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.