2016-08-01 09:39:00

Իսլամներ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ պատարագներուն


Անցեալ երեքշաբթի օր կաթողիկէ վարդապետի մը իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ մորթուելուն հարցով իբրեւ զօրակցական քայլ Իսլամներ` երէկ Ֆրանսայի տարածքին մասնակցեցան կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ մատուցուող կիրակնօրեայ պատարագներուն:

Ֆրանսայի Իսլամներու խորհուրդը իսլամներուն կոչ ուղղեց սպանութեան հարցով «զօրակցութիւն եւ ցաւակցութիւն» ցուցաբերելու: Խորհուրդի նախագահը յայտարարեց. «Բոլորս Ֆրանսայի կաթողիկէներն ենք»:

Յիշեցնենք, որ Ռուենի մօտ Սենթ Էթիեն տիւ Ռուվրէ եկեղեցւոյ մէջ Ժաք վրդ. Համել մորթուած էր ՏԱՀԵՇ-ի անդամ երկու անձերու կողմէ:

Ռուենի արքեպիսկոպոս Տոմինիք Լեպրէօն յայտնեց, որ ինք շատ զգացուած է այդ քայլէն: «Եղբայրութեան կարեւոր ժեսթ մըն է: Անոնք մեզի ըսին, եւ կը կարծեմ անկեղծ են, իսլամութիւնը չէր, որ սպաննեց Ժաք Համելը»:

Ռուենի պատարագին ներկայ էին շուրջ 2000 անձեր:

Շուրջ 50 իսլամներ արդէն 350 կաթողիկէներու կողքին մասնակցած էին Սենթ Էթիեն տիւ Ռուվրէի երկրորդ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած հսկումին:

Իսլամներ Իտալիոյ մէջ եւս մասնակցեցան կիրակնօրեայ պատարագին: Երեք իմամներ նստեցան Հռոմի Սանթա Մարիա Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ մէջ առաջին շարքի աթոռներուն վրայ: «Մզկիթները այն վայրերը չեն, ուր մոլեռանդները կը դառնան ծայրայեղական», ըսաւ Իտալիոյ մէջ իսլամ համայնքներու միութեան անդամ Մոհամետ պըն Մոհամետ` աւելցնելով. «Մզկիթները ահաբեկչութեան հակառակը կ՛ընեն. անոնք խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն կը ջամբեն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.