2016-08-01 09:55:00

Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւնը կը շարունակուի


Պոլսոյ դատարանը ձերբակալած է «Զաման» օրաթերթի վեց նախկին աշխատակիցներ, որոնք կը գտնուէին կալանքի տակ:

Թրքական աղբիւր մը «Կազեթա.ռու» կայքին յայտնած է, որ լրագրողները ձերբակալուած են Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումին մասնակցելու կասկածանքով:

Ձերբակալուած  են 7 լրագրողներ, որոնցմէ մէկը հետագային ազատ արձակուած է:

29 յուլիսին Թուրքիոյ իշխանութիւնները լրատուամիջոցներու 88 աշխատակիցի ձերբակալման հրաման արձակած էին: Յաջորդ օրը Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած են 17 լրագրողներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.