2016-08-01 13:00:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Զկնի Վարդավառի. (31 Յուլիսէն 7 Օգոստոս 2016))


Վարդավառի չորրորդ կիրակին կը կարդանք Քրիստոսի հրաշքներէն մին զոր կատարեց Կափառնաումի մօտակայ գիւղերէն մէկուն մէջ, բուժելով բորոտութենէ բռնուած մարդ մը։ Մինչ Յիսուս կը պատուիրէ իրեն մէկու մը չպատմել հրաշքի մասին, ինք սակայն կը հռչակէ զայն բոլոր աշխարհի առջեւ։

Այս շաբթուայ ընթացքին կը տօնենք ընդհանրապէս զանանզան եկեղեցիներու սուրբեր, սակայն նաեւ հայ մեծանուն սուրբ մը, Սուրբ Վահան Գողթնացին։

Երկուշաբթի օրը` մէկ օգոստոսին, տօնն է  Մեծն Թէոդոս թագաւորին եւ Եփեսոսի Մանուկներուն . ինչպէս նաեւ Յուղիտա Իկոնիացի կոյսին  եւ իր միակ զաւկին՝ Կիրակոսին։ Ան տակաւին մանուկ մըն է, երբ սկսան Դիոկղետիանոսի յարուցած հալածանքները, Յուղիտա  իր մանկան հետ փախաւ Տարսոն. Սակայն հոն եւս հասան հալածանքները եւ մայր ու տղայ մեծ արիութեամբ ընդունեցան նահատակութիւնը։

Երկուշաբթի օրը` տօնն է նաեւ՝   Սուրբ Վահան Գողթնացիի. Վահան որդին էր Խոսրով իշխանին որ 707 թուին սպաննուեցաւ արաբներէն. չորս տարեկանին՝ Վահան գերի տարուեցաւ Դամասկոս ուր իսլամական կրօնքի մէջ մեծնալով՝ դարձաւ դիւանապետ արքունիքին մէջ։ Հետագային երբ Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսը 719-ին կրցաւ գերիները ետ դարձնել տալ ամիրապետին, Վահանն ալ Հայաստան կու գայ, սակայն ամիրան իրեն երդում ընել կու տայ որ ետ պիտի դառնար Դամասկոս։ Վահան քրիստոնեայ կը դառնայ, կ՛ամուսնանայ, սակայն կը նախընտրէ իր կեանքը անցնել վանքերու մէջ, ապաշխարութեամբ եւ աղօթքով։ 737-ին, իր տուած խոստումին համաձայն կը վերադառնայ Դամասկոս. Կը պարտադրուի իրեն դարձեալ վերընդգրկել իսլամութիւնը, սակայն կը մերժէ եւ նոյն տարին կը նահատակուի։

 

Երեքշաբթի օրը՝ 2 օգոստոսին,  Սուրբ Տրիփոն  յոյն վկայի մը տօնն է. ան Դեկոս կայսեր յարուցած սաստիկ հալածանքներու ընթացքին բռնուեցաւ եւ ծանր տանջանքներու մատնուելով՝ նահատակուեցաւ 250 թուին։ Տօնն է նաեւ՝ Գորդիոս, Պօղիքտոս եւ Գրիգորիս վկաներու։ Նոյն օրը կը յիշատակենք Եւգինէ անունով կոյսի մը տօնը, միեւնոյն ատեն կը յիշատակենք նաեւ իր հայրը՝ Փիլիպոս, մայրը՝ Գլոտիա եւ երկու եղբայրները՝ Սերգիոս – կամ Սարգիս – եւ Ապիտոն. եւ երկու ներքինիները՝ Պրոստոս եւ Յակինթոս, որոնք կը ծառայէին իրեն։

Ասոնք կը կազմէին Հռովմայեցի ազնուական ընտանիք մը, որ կ՛ապրէր երկրորդ դարու վերջերը, Կոմոտոս կայսեր օրով։ Փիլիպոս կարգուեցաւ կառավարիչ Աղեքսանդրիոյ եւ ընտանեօք մեկնեցաւ Եգիպտոս. Հոն Եւգինէ ծանօթացաւ քրիստոնեաներուն եւ ինք ու երկու ներքինիները գաղտնի քրիստոնեայ դարձան. Ապա կուսութիւն ուխտելով՝ առանձնացան մենաստանի մը մէջ՝ ուր Եւգինէ տղամարդու զգեստներ հագուելով՝ վանական դարձաւ Եւգինիոս անունով։ Սակայն Մելանիա անունով կին մը, որ իր աղօթքներով բժշկուած էր, սիրահարուեցաւ իրեն եւ չգիտնալով իր ինքնութիւնը, ուզեց հետը ամուսնանալ։ Երբ մերժուեցաւ ամբաստանեց զինք եւ դատաւորին առջեւ հանել տուաւ, որ ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ Փիլիպոս, Եւգինէի հայրը։ Երբ իրականութիւնը մէջտեղ ելաւ, Փիլիպոս այնքան տպաւորուեցաւ իր աղջկայ կեցուածքէն որ ինք եւս ընտանեօք դարձի եկաւ, կորսնցնելով իր դիրքն ու իշխանութիւնը։ Հետագային Եւգինէ եւ ներքինիները Հռոմ տարուեցան եւ հոն նահատակուեցան իսկ հայրը, մայրը եւ եղբայրները բարեպաշտ կեանք մը ապրեցան մինչեւ իրենց մահը։

Հինգշաբթի օրը՝ 4 Օգոստոսին, կը յիշատակենք Սուրբ Մարութա եպիսկոպոսի, Եւգինէոսի, Մակարիոսի, Վաղերոսի, Կանդիտոսի եւ Ակիւղասի տօնը։

Շաբաթ օրը՝ 6 օգոստոսին, տօնն է Եփեսոսի Ս. Ժողովի 200 հայրապետներու։

Կիրակի 7 օգոստոսը՝  Բարեկենդան է Ս. Աստուածածնայ տօնին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.