2016-08-01 12:41:00

10 տարի ծառայութենէ ետք Հայր Լոմպարտին կ՛աւարտէ Քահանայապետի բանբերի իր պաշտօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրաքովիայի ԵՀՕ հաւաքը հանդիսացաւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը որպէս Քահանայապետի բանբեր։ Ֆրանչիսկոս Պապ արդարեւ` 1 օգոստոս 2016-էն սկսեալ Հայր Լոմպարտիին յաջորդ անուանեց Ամերիկացի լրագրող` 57 ամեայ Կրէկ Պուրքը եւ անոր որպէս փոխ տնօրէն` 41 ամեայ Սպանացի Փալոմա Կարսիա Օվէյերոն։

Լեհաստանէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին սկիզբը, յատուկ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին` անոր 10 տարիներու հոլովոյթին մատուցած նուիրեալ ծառայութեան համար։

Հայր Լոմպարտին այդ պաշտօնը ստանձնած էր 2006-ի սեպտեմբերին եւ այս տասը տարիներու ընթացքին մասնակցած է Քահանայապետերու 37 հովուական ճամբորդութիւններու եւ առաքելական այցելութիւններու, որոնց շարքին 22 առաքելական ճամբորդութիւններ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ եւ 15-ը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Իր պաշտօնավարութեան շրջանին Հայր Լոմպարտի եղած է Վատիկանի իրադարձութիւններու ձայնն ու դիմագիծը մասնագիտական կերպով վառելով իր այս նուրբ պաշտօնը, ըլլայ Եկեղեցւոյ պատմութեան գեղեցիկ անցուդարձերու պարագային ըլլայ նաեւ դժուար եւ ցաւալի իրադարձութիւններու պահերուն։

Լեհաստանէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ առաքելական ճամբորդութեան մասնակցող լրագրողներու աւագերէցը եւ իր ու իր ընկերակիցներուն երախտագիտութիւնը յայտնեց  Հայր Լոմպարտիին, բարձր արժեւորելով անոր  յանձնառումն ու նուիրումը եւ մարդկային յատկութիւնները։

Հայր Լոմպարտի որ յառաջիկայ օգոստոս 29-ին կը թեւակոխէ 74 ամեակը, երկար տարիներու ընթացքին ստանձնած է նաեւ  Ռատիովատիկանի տնօրէնի պաշտօնը ինչպէս նաեւ Վատիկանի Հեռուստակայանի տնօրէնի պաշտօնը, ապա համագործակցած է  Յիսուսեաններու ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթին հետ, ու 1974-1990 եղած է Իտալիոյ` Յիսուսեաններու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր։

Ռատիովատիանի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը իր ամենաջերմ բարի մաղթանքները կը յայտնէ Հայր Ֆտերիքօ Լոմպարտիին, երկար տարիներու ընթացքին անոր Հայերու նկատմամբ ցուցաբերած մօտիկութեան եւ բարեկամութեան համար, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի իր հովանիին տակ պահէ ու երկար կեանք եւ առողջութիւն շնորհէ այս տիպար ու նուիրեալ Քահանային։








All the contents on this site are copyrighted ©.