2016-07-31 09:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 30 Յուլիսի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 30 Յուլիսին Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակուեցան տարբեր թուիթներ որոնք քաղուած էին Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած քարոզներէն ու պատգամներէն։

Այդ թուիթներու առաջին երկուքը կը հայէին առաւօտեան Աստուածային Ողորմութեան Սրբավայրին կատարած այցելութեան եւ այնտեղ` կղերական դասին մասնակցութեամբ գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեան­ որոնց մէջ սրբազան Քահանայապետը գրած էր.

 

''Յիսուս կը փափաքի նուիրեալ իսկական սրտեր որոնք կ՛ապրին Անորմէ ընդունած ներումը, ու զայն կարեկցութեամբ կը փոխանցեն եղբայրներուն''։

Ապա

''Յիսուս կը փնտռէ` տկարներու նկատմամբ բաց եւ քնքուշ սրտեր, ոչ կարծր. Բարի եւ թափանցիկ սրտեր''։

 

Իսկ երեկոյեան ԵՀՕ աղօթքի հսկումի պատգամէն քաղուած հրատարակուած թուիթներուն մէջ Սրբազան Պապը գրեց.

''Աշխարհ եկած ենք հետք մը ձգելու համար''։

''Աստուած քեզ կը հրաւիրէ երազելու, քեզի կ՛ուզէ ցոյց տալ որ աշխարհը քու հետդ կարող է տարբեր ըլլալ''։

Եւ

''Յիսուս քեզ կը կոչէ քու հետքդ թողելու կեանքին մէջ, հետք մը որ յատկանշէ քու եւ բազմաթիւ անձերու պատմութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.