2016-07-31 09:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց Քարիթասի երկու բնակարաններ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի, 31 յուլիսի՝ առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապ Քրաքովի արքեպիսկոպոսարանէն դէպի Ողորմութեան անուան դաշտ ուղեւորութեան ընթացքին կանգ առաւ այնտեղ կառուցուած Քարիթասի կողմէ հովանաւորուած  երկու բնակարաններու առջեւ, ուր  դիմաւորուեցաւ քաղաքապետին եւ թեմական Քարիթասի տնօրէնին կողմէ, ու անոնց հետ միասին մուտք գործեց բարեխնամական  այդ կառոյցէն ներս, օրհնուած ջուրով օրհնելով այնտեղ  համախմբուած  անձերը, ինչպէս նաեւ Լորեթոյի Տիրամօր արձան մը։ ;Ֆանչիսկոս Պապ պահ մը աղօթք կատարելէ ետք ողջունեց այնտեղ գտնուող մի քանի անձնաւորութիւններ ապա Պապական սպիտակ ինքնաշարժով բարձրանալով ուղղուեցաւ Ողորմութեան դաշտ ու շրջան կատարելէ ետք ողորմութեան 3.5 ք երկարութիւն ունեցող դաշտին մէջ համախմբուած երիտասարդներուն միջեւ, որոնց մեծամասնութիւնը երեկուայ աղօթքի հսկումի աւարտին գիշերը անցուցած էին նոյն վայրին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.