2016-07-31 11:20:00

Քրաքովիա։ ԵՀՕ եզրափակիչ սուրբ պատարագը։ ''ԵՀՕ այսօր կը սկսին''.Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ԵՀՕ առթիւ Լեհաստան կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Քրաքովի Ողորմութեան Դաշտ- ին մէջ գլխաւորեց ԵՀՕ եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 1.5 միլիոնէ աւելի երիտասարդներ­, որոնք այս օրերուն աշխարհի զանազան երկիրներէ Քրաքովիա ժամանած էին մասնակցելու համար այս յատուկ ու պատմական հաւաքին։

Ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն որ կը խօսէր Յիսուսի Զակքէոսի հետ հանդիպումի մասին, Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդները զգուշացուց երեք խոչընդոտներէ որոնց կարող են հանդիպիլ իրենց կանքին մէջ.

Սիրելի երիտասարդներ Քրաքովիա եկած էք հանդիպելու համար Յիսուսին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց այսօրուայ աւետարանը մեզի կը խօսի Երիքովի մէջ հանդիպումի մը մասին ընդմէջ Յիսուսին ու մարդու մը` Զակքէոս որ հարուստ մարդ ու մաքսապետ էր եւ ատուած էր ժողովուրդէն։ Սակայն Յիսուսին հետ անոր հանդիպումը կը փոխէ անոր կեանքը, այնպէս ինչպէս պատահած է ու կրնայ պատահիլ մեզմէ ամէն մէկուն։

Զակքէոսըսակայն ստիպուած եղաւ երեք խոչընդոտներ յաղթահարել հանդիպելու համար Յիսուսին, խոչընդոտներ որոնք կարող են խօսուն ըլլալ մեզի համար եւս, ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց այդ երեք արգելքներուն։

Առաջինը` կարճահասակ ըլլալն է։ Զակքէոսս կարճահասակ ըլլալով չէր կրնար Յիսուսը տեսնել, ըսաւ նորին Սրբութիւնը։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ մեզի երբ` կարճատես ենք եւ ինքնավստահութեան ու ինքնաճանաչման պակաս կայ, նաեւ հաւատքին մէջ. Երբ մենք զմեզ չենք զգար որպէս Աստուծոյ զաւակներ, անոր նմանութեամբ ստեղծուած։

Ժխտական կերպով մտածելը կը նշանակէ Աստուծոյ դիմաց մեր հայեացքը դարձնել այլուր եւ սառեցնել յոյսը որ Ան ամէն մարդու վրայ դրած է։

Աստուած մեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ ենք, հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, ոչ մէկը աւելի նուազ է, հեռու  կամ անիմաստ, մեզմէ իւրաքանչիւրը միածին ու կարեւոր է, Անոր աչքերուն։ Արդ պէտք է սիրահարուիլ կեանքին որ  մեծ պարգեւ մըն է, յորդորեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ այս ժամանակը ժամանակն է սիրելու եւ սիրուելու, ապա ակնարկեց երկրորդ արգելքին ամչկոտութիւնը` վախը մենք մեզ ծիծաղելի նկատելու աշխարհի աչքերուն։

Կրնանք երեւակայել, ըսաւ Ան, թէ ինչ տատամսումի մէջ էր Զակքէոսը նախ քան ծառին վրայ բարձրանալը Յիսուսը տեսնելու համար։ Ինք որ ակնյայտ անձնաւորութիւն մըն էր կարող էր ծիծաղելի դառնալ մարդոց աչքերուն։ Սակայն յաղթահարեց այդ ամչկոտութիւնը որովհետեւ Յիսուսի քաշողականութիւնը աւելի զօրեղ էր։ Զակքէոս վտանգի մէջ դրաւ իր իսկ համբաւը։ Այս է ահա երջանկութեան գաղտնիքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ կեանքը պէտք չէ փակուած մնայ դարանի մը մէջ։ Յիսուսի դիմաց կարելի չէ նստած մնալ, Ան մեզի կեանքը կը պարգեւէ, առ այդ պէտք է Յիսուսին համապատասխանել վեհանձնութեամբ, հետեւիլ Անոր ու ձգտիլ այս գեղեցիկ սիրոյ որ կը պահանջէ նաեւ ինքնուրացում, ոչ ըսելով ամէն գինով յաջողութեան ''Տոփինկ''-ին եւ մենք մեզի ու մեր հանգստաւէտութեան մտածելու թմրամոլ գաղափարին։

Երրորդ խոչընդոտը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''Ուրիշներու դատումն է'' եւ այս առընչութեամբ հաստատեց թէ շատերուն համար դժուար է ընդունիլ ''Ողորմութեամբ հարուստ Աստուած մը'' եւ ասոր համար  բազմաթիւ անձեր կ՛ուզեն երիտասարդները համոզել թէ Աստուած հեռու է, խիստ է, բարի բարիներուն հետ ու չար չարերուն հետ, մինչ մեր Հայրը, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը, մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու աւելի հզօր չարէն` բոլորը սիրելով, նոյնիսկ թշնամիները։

Շատեր  կրնան ծաղրել ձեզ ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ կը հաւատաք ողորմութեան հեզ ու խոնարհ զօրութեան եւ կամ որովհետեւ ձեզ կը համարեն  երազկոտներ որոնք կը հաւատան նոր մարդկայնութեան գաղափարին, որ չեն ընդունիր ժողովուրդներու միջեւ ատելութեան գաղափարը եւ երկիրներու միջեւ սահմանները չեն նկատեր որպէս պատնէշներ։ Մի վհատիք, ըսաւ Սրբազան  Քահանայապետը, մի յուսահատիք, այլ ժպիտը ձեր դէմքին ու բազկատարած քարոզեցէք յոյսը եւ եղէք օրհնութիւն միակ մարդկային ընտանիքին համար։

 

Յիսուսին Հայեացքը կ՛երթայ մեր թերութիւններէն անդին, կանգ չ՛առնէր անցեալի չարին դիմաց, այլ կը տեսնէ ապագայի մէջ բարին։ Չի վհատիր փակումներու դիմաց այլ կը փնտռէ միութեան եւ հաղորդութեան ուղիները։ Ան կը նայի սրտին։ Այդ հայեացքով դուք եւս կարող էք կառուցել նոր մարդկայնութիւն մը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, քաջալերելով երիտասարդները փնտռելու միշտ բարին եւ Աստուծմէ ձրիօրէն ստացած ուրախութիւնը նոյն ձրիութեամբ պարգեւելու անոնց որոնք կարիքը ունին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Յիսուսի Զակքէոսի ուղղած խօսքերուն ''Զակքէոս փութով վար իջիր…որովհետեւ պէտք է որ ես այս օր քու տունդ գիշերեմ'' ու հաստատեց թէ կարելի է ըսել թէ ԵՀՕ հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ այսօր եւ կը շարունակուի վաղը ամէն մէկ երիտասարդի տան մէջ, որովհետեւ Տէրը կ՛ուզէ ընկերանալ իւրաքանչիւրին իրեն առօրեայ կեանքին մէջ, Ան կը փափաքի որ ձեր ամէնօրեայ հանդիպումներու եւ շփումներու մէջ առաջին շարքին դնէք  աղօթքի ոսկէ թելը ու հետեւիք Աւետարանին որ կեանքի ճանպահներու ''ուղեցոյցն'' է։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Յիսուսի համար ամէն մէկ անհատի անունը կարեւոր է ու հրաւիրեց երիտասարդները վստահելու Աստուծոյ յիշողութեան­, որովհետեւ Տիրոջ յիշողութիւնը, ըսաւ Ան, պարզ ''սկաւառակ'' մը չէ որուն մէջ կ՛արձանագրուին ու կը պահպանուին  տուեալներ, այլ` գթութեամբ լի քնքուշ սիրտ մըն է, որ կը հրճուի եւ կը ջնջէ չարին բոլոր հետքերը, ապա հրաւիրեց երիտասարդները ամփոփուելու լռելեան աղօթքի մէջ եւ յիշելու այս հանդիպումը գոհութիւն մատուցելով Տիրոջ որ ուզեց մեզ այստեղ համախմբել։








All the contents on this site are copyrighted ©.