2016-07-31 12:23:00

Քրաքովի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 յուլիսին, Քրաքովի Ողորմութեան Դաշտի  տարածքին գլխաւորած ԵՀՕ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի զոհի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք կատարելէ առաջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ  համաշխարհային երիտասարդաց հաւաքի օրուան համար։ Ան ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց  Կարդինալ Ճիվիչին եւ կարդինալ Ռիլքոյին, անոնց աշխատանքերուն եւ աղօթքներուն համար, ի սպաս երիտասարդաց հաւաքի ձեռնարկին։

Ֆրանչիսկոս Պապ  մեծ գոհունակութեամբ  շնորհակալութիւն յատնեց  նաեւ բոլոր Երիտասարդներուն, ըսելով ՝՝դուք Քրաքովիան լեցուցիք  ձեր խանդավառութեամբ՝ վարակուած ձեր հաւատքէն։ Սուրբ ՅՊԲ Երկինքէն հրճուեցաւ եւ ձեզ պիտի օգնէ՝ ամէն տեղ տարածելու` Աւետարանի ուրախութիւնը։    

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց,  թէ  այս օրերուն ընթացքին երիտասարդները փորձարկեցին Քրիստոսին մէջ տիեզերական եկեղեցւոյ եղբայրութեան գեղեցկութիւնը՝ որ կեանքին կեդրոնն ու յոյսն է։

՝՝Աստուած  խօսեցաւ իւրաքանչիւր երիտասարդին հետ, Ան իր սիրով վերանորոգեց եւ զգալ տուաւ Իր ներողամտութեան  ճրագը, Իր շնորհքի ուժականութիւնը՝՝ ըսաւ  Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց­ թէ սոյն հաւաքին օրերը հոգեւոր թթուածնում հանդիսացաւ  երիտասարդներուն, որպէսզո անոնք իրենց երկիրները եւ իրենց հասարակութիւնները  վերադառնալով   կարենան ապրիլ եւ ընթանալ ողորմութեան մէջ։

 Սրբազան Պապը ապա ակնարկելով խորանին  վրայ զետեղուած Սրբուհի Մարիամի սրբապատկերին, որ  Քալվարիա սրբավայարին մէջ մեծարուած է  Սուրբ ՅՊԲ կողմէ  ըսաւ. ՝՝Ան՝ մեր Մայրը, մեզի կ՝ուսուցանէ ինչ ձեւով կրնայ պտղաբեր դառնալ Լեհասատանի մէջ մեր ապրած փորձառութիւնը։ Ան մեզ կը հրաիրէ գործել Իրեն նման, ցիրուցան չընել ընկալուած պարգեւը, այլ զայն պահպանել մեր սրտերուն մէջ,  որպէսզի ան կարենայ ծիլ տալ ու պտղաբեր դառնայ՝ սուրբ Հոգիին նեգործութեամբ։ Այս ձեւով իւրաքանչիւր երիտասարդ  իր սահամանափումներու եւ թերութիւներու հանդերձ կրնայ դառնալ Քրիստոսի վկան` հոն ուր կ՝ապրի, ՝ընտանիքին մէջ, ժողովրդապետութեան , ընկերակուցթիւններուն եւ զանազան խումբերուն մէջ  աշխատաքնի եւ ուսմունքի շրջանականերուն մէջ, ամենուրեք ուր Ատուծոյ նախախնամութիւն կ՝առաջնորդէ անոնց  ուղեւորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հռչակեց թէ յառաջիկայ ԵՀՕ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին Փանամայի մէջ ու խորան հրաւիրեց Փանամայի եպիսկոպոսները որպէսզի իր հետ միասին եզրափակիչ օրհնութիւնը ջամբեն բոլոր ներկաներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.