2016-07-30 19:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնն ու աղօթքը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եկեղեցւոյ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 30 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղուելով դէպի ԵՀՕ հսկումի վայր­, հակիրճ այցելութիւն կատարեց Քրաքովի Արքեպիսկոպոսարանի մօտ գտնուող Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եկեղեցի­­, ուր պահպանուած են Փերուի մէջ 1991-ին նահատակուած եւ 5 դեկտեմբեր 2015-ին երանելի հռչակուած երկու Ֆրանչիսկեան մարտիրոսներու մասունքները։

Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան ''Ֆրանչիսկեան Տան'' մեծաւորի ու անոր միաբանակից եղբայրներու ինչպէս նաեւ երկու մարտիրոսներու ընտանեկան պարագաներու կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը երկու նահատակներու մասունքներուն առջեւ արտասանեց խաղաղութեան եւ բռնութենէ ու ահաբեկչութենէն պաշտպանութեան աղօթք մը, որուն մէջ Աստուծմէ հայցեց որ  աշխարհի բնակիչները պահպանէ խաղաղութեան մէջ ու հեռու պահէ անոնցմէ բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը, սրտերու մէջ դարձեալ դրոշմելով վստահութեան շնորհքը եւ ներելու պատրաստակամութիւնը։

Սրբազան Հայրը աղօթեց ապա բոլոր անոնց որոնք զոհուեցան ահաբեկչութեան արարքներու պատճառաւ ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք վիրաւորուեցան ''տմարդկային բռնութեան ալիքներու'' ընթացքին, խնդրելով որ ոչ ոխ եւ ոչ ալ ատելութիւն պահեն իրենց սրտերուն մէջ ու գիտնան ներել ու քաջութիւնը գտնել շարունակելու ըլլալ եղբայրներ եւ քոյրեր ու իրենց կեանքով վկայելով Աստուծոյ սէրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց Նաեւ ահաբեկիչներուն համար` որպէսզի ճանչնան իրենց սխալներն ու չարիքը զոր գործեցին եւ վերադառնան խաղաղութեան ու բարիի ճանապարհին վրայ­, յարգելով ամէն մէկ մարդու արժանապատուութիւնը։

Աստուած Հայր յաւիտենական, քու ողորմութեամբդ անսայ մեր այս աղօթքին ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու հայցեց խաղաղութեան պարգեւը եւ ահաբեկչութեան չարիքին վերացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.