2016-07-30 11:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբավայրին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 30 յուլիսին,  Լեհաստան կատարած Առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս. Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն  իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեհաստանի կղերական դասն ու ժառանգաւորները ։ Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Աւետարանական ընթերցումը ,  ուր՝ կը խօսուի Յիսուսին` աշակերտներուն երեւումի մասին (Յովհ 20, 19-31), խօսքը կեդրոնացուց երեք կէտերու վրայ ։

Առաջին ՝ Յիսուսի երեւման վայրը, ուր առաքեալները  կը գտնուէին Զատկուան գիշերը եւ այնտեղ 8 օր փակուած մնալէ ետք,  Յիսուս կ՛երեւնայ անոնց։  Յիսուս առաքեալներուն  կը փոխանցէ Իր խաղաղութիւնը, Սուրբ Հոգին ինչպէս նաեւ  մեղքերու ներումը.  Մէկ խօսքով    Աստուծոյ Ողորմածութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը ու  ընդգծեց,  թէ  Յիսուսի երեւցած փակ վայրին մէջ  ուժգին կ՝արձագանգէ  Յիսուսի  ՝ մեզի ուղղած հետեւեալ հրաւէրը ՝՝Ինչպէս,  որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կ՝առաքեմ ՝՝(Յովհ, 20, 21)

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, որ  Յիսուս՝ ի սկզբանէ կը փափաքի,   որ Եկեղեցին ըլլայ ՝դէպի դուրս ընթացող եկեղեցի, եւ երթայ դէպի աշխարհ ։ Ի տես քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն դիմաց կայացած փորձութեան՝ իրենց  մէջ փակ պահուելու Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը` դուրս ելլելու մենք մեզմէ հետեւելով Յիսուսին հետքերուն։  ''Յիսուս  աշխարհ եկաւ  ոչ թէ  ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ բարի աւետիսը հռչակելու'' ըսաւ սրբազան հայրը ընդգծելով թէ  ՝՝ Յիսուս իր աշակերտներէն խնդրեց,  որ  դռները բանան եւ  դուրս գան՝ սփռելու համար Աստուծոյ ներողամտութիւնն ու խաղաղութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ''։

Ով որ ընտրեց Յիսուսին նմանիլ, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը չի փնտռեր աշխարհի իշխանութեան անկայուն պատուանդանները եւ իր ժամանակ չի վատներ ապահով ապագայի փնտռտուքով այլ արկածախնդրութեամբ դուրս կու գայ ու կը հետեւի Սուրբ Հոգիին անոր առջեւ բացած ճանապարհին։

 Խօսելով  ապա աւետարանի երկրորդ կէտին  Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ  Սուրբ Թովմաս առաքելաին որ  ''հասկնալ ուզենալու անձկութեան մէջ գտնուելով,  մեզի մեծ պարգեւ մը կ՛ընէ. մեզ աւելի մօտ  կը դարձնէ Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուած չի պահուըտիր՝ Զինք փնտռողին դիմաց, յայտնեց Սրբազան Պապը ու կղերականներու ուշադրութեան յանձնեց այն անհրաժեշտութիւնը ''իրենց մարդկութիւնը զօդել  Յիսուսի մարմնին, ու ամբողջութեամբ յանձնուիլ  Անոր ՝անկեղծ ու թափանցիկ աղօթքով,  որովհետեւ  Յիսուս կ՛ուզէ իսկական նուիրուած սրտեր, բաց սրտեր, քնքուշ եւ բարի,  որոնք քաջութիւնը ունենան, Սուրբ թովմասի նման  տարակուսելու եւ փնտռելու ճշմարտութիւնը ու ոչ միայն հասաւ հաւատալու Սուրբ Յարութեան, այլ Յիսուսին մէջ վերագտնելու ամբողջ կեանքին իմաստը' ՝՝իմ Տէրս , իմ Աստուածս ՝՝(Յովհ 20, 28)

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երրորդ կէտին, գիրքը որ աւետարան է, ''Աստուծոյ ողորութեան կենդանի գիրքը'' զոր պէտք է  ամէն օր կարդացուի,  եւ որուն  յատակը ՝տակաւին կան  սպիտակ էջեր։  Բաց գիրք մը, որուն էջերուն մէջ կանչուած ենք գրելու Յիսուսի միեւնոյն ոճով, ողորմութեան գործեր կատարելով՝ ըսաւ Սրբազան Պապը ու հարց տուաւ ՝՝ ի՞նչ վիճակի մէջ են ձեր գիրքերու սպիտակ էջերը։ Արդեօք՝ անոնց մէջ ամէն օր գրառում կը կատարուի, կամ ալ տակաւին սպիտակ են'' ըսաւ  Սրբազան հայրը եւ այս առնչութեամբ Տիրամօր օգնութիւնը հայցեց   ու խնդրեց , որ բոլորին  պարգեւէ՝ Աւետարանի կենդանի գրողներ ըլլալու շնորհքը։ Աստուածամայրէն,  Ողորմութեան մեր մայրէն հայցեց,  որ մեզի ուսուցանէ,  շօշափելի կերպով Յիսուսի վէրքերուն  խնամք տանիլ՝ կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերու միջոցաւ, հիւանդներուն , գաղթականներուն միջոցաւ  որովհետեւ ծառայելով տառապողին, կը փառաւորուի  Քրիստոսի մարմինը։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց  խնդրելով , որ իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ պահպանէ   անձնական  էջ մը՝ Աստուծոյ ողորմութեան գիրքէն։ Ասիկա մեր կոչումին  պատմութիւնն է, սիրոյ ձայնը, որ ներգրաւեց եւ կերպարանափոխեց  մեր կեանքը,     մեզ մղելով թողելու  ամէն բան ու վստահելու Անոր  խօսքին եւ հետեւելու  Իրեն, ըսաւ ֆրանչիսկոս պապ ու խրախուսեց ներկաները, այսօր՝

Երախտագիտութեամբ վերապրելու  իրենց կոչումին յիշատակը,  ու հրաւիրեց շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ, որ մուտք գործեց մեր փակ դռներէն՝ Ողորմութեամբ, եւ Սուրբ Թովմասի նման մեզ կոչեց մեր անունով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.