2016-07-30 10:28:00

՝՝Այսօր Յիսուս աւելի խոր կերպով մեզի կ՛արտայայտէ իր ողորմութիւնը՝՝ ըսաւ Սրբազան Պապը


(Ռատիօ Վատիկան)  Աստուածային Ողորմութեան սրբավայրին այցելութեան ընաթցքին ֆրանչիսկոս Պապ անպատրաստից խօսք մը յղեց խոստովնանքի հրապարակին վրայ համախմբուած երիտասարդներուն որուն մէջ ըսաւ, 

՝՝Բարի լոյս բոլորիդ, այսօր՝ Տէրը, դարձեալ կ՝ուզէ աւելի խոր կերպով յայտնել իր ողորմածութիւնը։

Երբեք չի հեռանանք Յիսուսէն, նոյնիսկ երբ մտածենք, որ մեր մեղքերուն ու մեր պակասութիւններուն պատճառաւ ամենէն վատերն ենք։ Ան՝ այսպէս կը նախընտրէ մեզ, եւ այսպիսով Անոր Ողորմութիւնը կը տարածուի։ Օգտուինք այս օրէն, բոլորս ընդունելու համար Յիսուսի ողորմութիւնը։

Բոլորս միասին աղօթենք ողորմածութեան Մօր՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը արտասանելէ ետք ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը Աստուածային ողորմութեան Սրբավայրի այցելութեան աւարտին Սրբավայրի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը ''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.