2016-07-30 20:29:00

''Յիսուս ողորմութեան ակնաղբիւր'' ԵՀՕ աղօթքի հսկումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 30 Յուլիսի երեկոյեան 19,30-ին ''Ողորմութեան'' Քամփուսին մէջ Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի աղօթքի հսկումը որուն բնաբանն էր ''Յիսուս ողորմութեան ակնաղբիւր'' եւ որուն ընթացքին նախատեսուած էր երիտասարդներու ներկայացուցած իմաստալից ու շատ գեղեցիկ գեղարուեստական  բաժին մը, պատկերասփռումներով, երգեցողութիւններով ու նուագով, յատկանշուած նաեւ երիտասարդներու վկայութիւններով որոնց շարքին էր նաեւ Սուրիացի երիտասարդուհիի մը վկայութիւնը։ 

Գեղարուեստական բաժնի աւարտին խօսք առնելով  Սրբազան Քահանայապետը նախ ակնարկեց Սուրիացի երիտասարդուհիին` ''արի եւ յուզումնալից վկայութեան'' որ  ''խնդրեց, աղօթել իր սիրելի երկրին համար'' ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ակնարկելով զանազան երկիրներէ ժամանած ու հաւաքին մասնակցող երիտասարդներուն որոնք կը պատկանին զանազան մշակոյթներու եւ կը խօսին տարբեր լեզուներ, ոմանք պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներէ եկած եւ ուրիշներ խաղաղ երկիրներու զաւակ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց  ''Այսօր ամէնքս ունինք մէկ գիտակցութիւն` այն է թէ մեզի համար այս գիշեր, ցաւը, պատերազմը զոր կ՛ապրին բազմաթիւ երիտասարդներ, անանուն իրականութիւն մը չէ, ան ունի դէմք մը, պատմութիւն մը, մօտիկութիւն մը։ Այսօր Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմը` ցաւն ու տառապանքն է բազմաթիւ անհատներու'', ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել պատերազմի զոհերուն համար որպէսզի,  ըսաւ Ան, հասկնանք թէ ոչ մէկ բան կարող է արդարացնել եղբօր մը արեան յղումը եւ ոչ մի բան աւելի արժէքաւոր է քան մեր մօտ գտնուող անձը։  

Մենք ըսաւ Սրբազան Պապը չենք ուզեր պոռթկալ ու կործանել։  Մենք չենք ուզէր ատելութիւնը յաղթել ատելութեամբ, բռնութիւնը յաղթահարել բռնութեամբ եւ ահաբեկութիւնը` ահաբեկչութեամբ։ Մեր պատասխանը պատերազմի մէջ գտնուող աշխարհին,  ունի մէկ անուն` եղբայրութիւն, հաղորդութիւն, ընտանիք։ Ու մեր լաւագոյն խօսքը ու պատգամը աղօթքի մէջ միութիւնն է։ Առ այդ պահ մը լռութիւն պահենք եւ աղօթենք եւ Աստուծոյ առջեւ դնենք մեր բարեկամներուն վկայութիւնները, ըսաւ Սրբազան Պապը, ու հրաւիրեց ձեռք ձեռքի տուած պահ մը լռութեան մէջ աղօթել։

Ան ապա խօսքը շարունակելով ակնարկեց Պենտեկոստէի օրուան, աշակերտներու այն հաւաքին. որոնք վերնատան մէջ փակուած էին եւ վախը շրջապատած էր զիրենք։ Այդ օր, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, պատահեցաւ անսպասելի եւ հրաշալի  մէկ իրողութիւն Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ եւ կրակէ լեզուներ զետեղուեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ, զանոնք մղելով արկածախնդրութեան մը` որ երբեք չէին երազած։ 

 

Մեր ունկնդրած վկայութիւնները եւս կը նմանին աշակերտներու վախի եւ փակումի փորձառութեան, ըսաւ Սրբազան Պապը, ընդգծելով թէ վախը ''փակում'' կը ստեղծէ եւ այդ փակումը` անշարժութեան կը մատնէ եւ անշարժութիւնը մեզմէ կը խլէ հանդիպումի, բարեկամութեան, միասին երազելու եւ ուրիշներու հետ միասին քալելու վայելքը։  Կայ նաեւ այլ անշարժութիւն մը` որ երջանկութիւնը կը շփոթէ ''բազմոցի'' մը հետ։ Բազմոց մը որ երիտասարդները փակ կը պահէ իրենց տուներուն մէջ, զուրկ մտահոգութիւններէ, եւ առանց անդրադառնալու թէ այդ ''բազմոց - երջանկութիւնը'' լռելեան անշարժութիւն է որ աւելիով կարող է խորտակել մեր էութիւնը, ու մենք զմեզ կը գտնենք քունի մէջ ու կսորուած, մինչ ուրիշներ մեր ապագան կ՛որոշեն մեր տեղ։ 

''Շատերուն համար այսպիսի երիտասարդներ ունենալը շահաւէտ է` քան արթուն եւ Աստուծոյ երազին ու իրենց սրտին ձգտումներուն համապատասխանող երիտասարդներ ունենալը'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու  կոչ ուղղեց դիւրին կեանք չընտրել, այլ կեանքի մէջ հետքեր թողելու եւ զգուշացնելով չկորսնցնել կեանքի ամենակարեւոր արժէքներէն մին ` ազատութիւնը։ 

Յիսուսին հետեւելու համար հարկաւոր է ունենալ քաջութիւն, ու հարկաւոր է բազմոցը փոխարինել զոյգ մը կօշիկներով որ քեզ կ՛օգնեն քալելու աներազելի ճանապարհներու վրայ, ճանապարհներ որոնք կը բանան նոր հորիզոններ, որոնք Աստուծոյ սէրէն բխող ուրախութիւն կը սփռեն, ուրախութիւն զոր ողորմութեան ամէն մէկ ներգործութիւն կը դրոշմէ սրտերուն մէջ։

Ընթանալ ճանապարհին վրայ հետեւելով մեր Աստուծոյն որ մեզի կը սորվեցնէ Իրեն հանդիպիլ, անօթիին, ծարաւին, մերկին, հիւանդին, բանտարկեալին ու գաղթականին մէջ ըսաւ Սրբազան Պապը։ Հետեւիլ Աստուծոյ ճանապարհին որ մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու քաղաքական դերակատարներ, անձինք որ կը մտածեն, ընկերութիւնը ոգեւորող անհատներ։ Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ ամենուրէք տանելու Բարի Աւետիսը, մեր կեանքը դարձնելով նուիրում։ Աստուած արդարեւ  կու գայ խափանելու փակումները եւ բանալու դռները ու մեզ կը հրաւիրէ ''երազել'' մեզի ցոյց տալով թէ աշխարհը կրնայ տարբեր ըլլալ։ 

Ժամանակաշրջանը որուն մէջ կ՛ապրինք պէտք չունի բազմոցի երիատասարդներու այլ կօշիկով երիտասարդներու։ Աշխարհը ձեզմէ կը պահանջէ ըլլալ պատմութեան դերակատարներ։  Տէրը Պենտեկոստէի օրուան նման կ՛զուէ մեծ հրաշքներ գործել եւ այնպէս ընել որ քու ձեռքերդ, իմ ձեռքերս, մեր ձեռքերը, կերպարանափոխուին ու դառնան հաշտութեան, հաղորդութեան, ստեղծագործութեան նշաններ. Ձեռքեր որոնք կը շարունակեն կառուցել այսօրուայ աշխարհը։ 

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ հետքեր ձգելու կեանքին մէջ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ չափահասները պէտք ունին երիտասարդներուն։ Պէտք ունին որ անոնք իրենց սորվեցնեն համակեցութիւնը  ապրիլ տարբերութեան ու երկխօսութեան մէջ ու բաժնեկցելու բազմամշակութային իրողութիւնը ոչ որպէս սպառնալիք այ որպէս հնարաւորութիւն։ 

''Քաջութիւն ունեցէք մեզի սորվեցնելու թէ աւելի դիւրին է կամուրջներ կառուցուել, քան պատեր բարձրացնել ու մեզմէ պահանջեցէք ընթանալ եղբայրութեան ճանապարհին վրայ, յարեց Սրբազան Պապը հարց տալով եթէ գիտեն թէ որն է առաջին կամուրջը ու հրաւիրելով երիտասարդները ձեռք ձեռքի տալու եւ կազմելու եղբայրութեան կամուրջ մը որ տիպար հանդիսանայ աշխարհիս հզօրներուն։։ 

Թող որ այս մարդկային կամուրջը ըլլայ սերմ այլ կամուրջներու, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց դարձեալ հրաւիրելով երիտասարդները հետքեր թողելու կեանքին ու պատմութեան մէջ։ 

Յիսուս որ է ճշմարտութիւն` քեզ կը հրաւիրէ մէկդի դնելու բաժանումի, եւ անիմաստ գործերու ճանապարհը։ Կ՛ընդունի՞ս հրաւէրը։ կ՛ընդունի՞ս կրկնեց Սրբազան Պապը ու հարց տուաւ ''Ի՞նչ կը պատասխանեն քու ձեռքերդ եւ ոտքերդ Յիսուսին, որ է ճանապարհ ճշմարտութիւն եւ կեանք'' ապա մաղթեց Տէրը օրհնէ ձեր երազները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.