(Ռատիօ Վատիկան) Օզվիեչիմ քաղաքը Լեհաստանի ամենէն հին քաղաքներէն մին է, որուն տարածքին վրայ Գերմանացիներու բռնատիրութեան ընթացքին կառուցուած են աշխարհի ամենէն մեծ համակեդրոնացման Աուզվիչ – Պիրքենաու ճամբարները, որոնց մէջ 1940-1945 թուականներուն մէկ միլիոն հարիւր հազար մարդ սպաննուած են։
Այսօր ՝Օզվիելչիմ քաղաքի ներկայ բնակչութեան թիւն է 40.000 եւ նկատուած է խաղաղութեան ի սպաս անթիւ ձեռնակներու վայր։
Քաղաքը մաս կը կազմէ Պիելսքօ Զիվեչ եկեղեցական թեմին, որուն կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը կը հաշուէ 721.000։ Թեմը կազմակերպուած է իր 210 ժողովրդապետութիւններով, ունի 525 թեմական քահանաներ, եւ 32 դաստիարակչական կառոյցներ։ Թեմին եպիսկոպոսն է գերապայծառ Ռոման Փինտել։
All the contents on this site are copyrighted ©. |