2016-07-29 17:00:00

Հայր Մայեւսքի ''Քահանայապետը խօսեցաւ լռութեամբ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ռատիոովատիկանի լեզուական խմբագրութիւններու տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Անտրէյ Մայեւսքի որ կ՛ընկերանայ Ֆրանչիսկոս Պապին  Լեհաստան առաքելական ճամբորդութեան, մեկնաբանելով Սրբազան Քահանայապետին Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարին կատարած այցելութիւնը յայտնեց թէ Նորին Սրբութիւնը ընտրեց խօսելու լաւագոյն լեզուն` այսինքն լռութիւնը։ Քահանայապետը խօսեցաւ լռութեամբ։ Լռութիւնը սակայն հասկնալի դառնալու համար պէտք ունի ժամանակի - ըսաւ Հայ Մայեւսքի եւ նշեց թէ ''ասոր համար այսօր առաւօտեան Քահանայապետը շատ ժամանակ յատկացուց այդ վայրերը այցելելու համար։ Ան կամաց կամաց մուտք գործեց ճամբարի դռնէն որուն վերեւ գրուած է ''աշխատանքը ազատ կը դարձնէ'' որպէսզի ապա կանք առնէ ''Կոչի'' հրապարակին վրայ ուր բազմաթիւ բանտարկեալներ ժամեր ամբողջ լռութեան մէջ կանգնած կը մնային։ Քահանայապետը ապա ժամանակ յատկացուց ողջունելու Աուշվիցի ճամբարին վերապրածներու խումբ մը, որոնց շարքին նաեւ 101 տարեկան տիկին մը։ Ապա կանթեղ մը զետեղեց այն պատին առջեւ որտեղ հազարաւոր մարդիկ գնդակահարուեցան։ Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ լռութեան մէջ այցելեց  Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի խցիկը։

Նոյն լռութիւնը յատկանշեց նաեւ Պիրքենաու ճամբարի այցը ուր Նորին Սրբութիւնը ստորագրելով Ոսկեմատեանը արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը ''Տէր գթա ժողովուրդիդ վրայ։ Տէր ներէ այսքան դաժանութիւն''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.