2016-07-28 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 27 յուլիսին, Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահին տուած քաղաքավարական   այցեութենէն ետք,  Քրաքովիայի մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն հետ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Սրզազան Հայրը պատասխանեց Եպիսկոպոսներուն իրեն ուղղուած կարգ մը հարցումներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  եպիսկոպոսներէն խնդրեց, որ աղօթեն Քահանայապետական առողջապահութեան խորհուրդին երբեմնի նախագահ`  կարդինալ Զիկմունթ Զիմովսքիին հոգիին համար, որ հոգին աւանդեց մի քանի շաբաթ առաջ։

Լեհաստանի եպիսկոպոսները աղօթեցին նաեւ կարդինալ Մաչարսքիին համար, որ երկար ժամանակէ ի վեր հիւանդ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, թէ Ինք եւս պիտի այցելէ հիւանդ ծիրանաւորին։

Պատասխանելով ապա հարցումի մը հայող Լեհաստանի մէջ  համաշխարհայնացումի եւ անաստուածութեան  երեւոյթին, Սրբազան Հայրը ընդգծեց մարդոց մօտիկութիւն ցուցաբերելու  կարեւորութիւնը, նշելով թէ հակում կայ, ՝ Քրիստոս՝մարդոց կեանքէն դուրս հանելու, եւ շեշտեց   Քրիստոնէացումի անհրաժեշտութիւնը  յատկապէս մարդոց մօտիկութիւն յայտնելով։

Սրբազան Հայրը Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն յորդորեց նաեւ մօտիկութիւն ցուցաբերել իրենց Քահանաներուն , ապա խօսեցաւ երիտասարդներուն մասին, անհրաժեշտ նկատելով՝ երիտասարդներուն իրենց մեծ հայրերուն հետ կապակցութիւնը , որովհետեւ մեծ հայրերը  հաւատք սփռող անձերն են։

Ինչպէս գործադրել Ողորմութիւնը հարցումին, Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց դրամապաշտութիւնը ըսելով, թէ այսօր ամէն ինչ կարելէ է քնել, կարելի է վաճառել,  ամէն ինչ սահուն եւ հեղուկ է։  Պէտք է ղորմութեամբ մօտենալ մարդոց , զերծ մնալով սոյն դրամապաշտութենէն­ ըսաւ Սրբազան հայրը ու ակնարկեց

Ժողովրդապետութիւններու կառոյցներու մասին, ընդգծելով, թէ անոնք անփոխարինելի կառոյցներ են. Ժողովրդապետութիւնը կը մնայ Աստուծոյ ժողովուրդին բնակարանը ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ  գաղթականներու հարցին մասին յարելով թէ այս մասին չի կայ ոչ մէկ ուղեգիծ որ կը սահմանէ ինչպէս վարուիլ գաղթականներուն հետ, անիկա կախեալ է իրենց երկրէն, կարողութիւններէն եւ մշակոյթէն։ Կարեւոր է բաց եւ հիւրընկալ գտնուիլ  գաղթականներուն նկատմամբ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։  

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը  հինգշաբթի, 28 յուլիսին առաւօտուն, մայրապետներու  ընծայման վանքի տուած այցելութենէն, հանգրուան կատարեց նաեւ   Քրաքովիայի բուժարան, այցելութիւն տալով Քրաքովիայի թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս` կարդ Մաշարսքիին, որ ծանր հիւանդ վիճակի մէջ է ։ Այցլեութիւնը տուեց մի քանի վայրկեան։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.