2016-07-28 10:56:00

Ռուենի մէջ յարձակումի ենթարկուած եկեղեցին 2000-ին մզկիթի կառուցման համար հողաշերտի նուիրատուութիւն կատարած էր


ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու կողմէ Սանթ Էթիեն տը Ռուվրէ եկեղեցիի քահանային մորթուիլը ցնցեց աշխարհը:

Այդ ահաւոր ոճիրէն ետք երեւան եկաւ, որ նշեալ եկեղեցին, ուր քահանան մորթուեցաւ, 2000 թուականին մզկիթի մը կառուցման համար իսլամներուն հողաշերտի նուիրատուութիւն կատարած էր:

Այս ծիրին մէջ գիւղի իմամը դատապարտեց իր «բարեկամ»-ին մորթուիլը եւ նամազ կատարեց զոհին ընտանիքին համար:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի ընդհանուր դատախազ Ֆրանսուա Մուլան նշեց, որ յարձակումը գործող անձերէն մէկը Ֆրանսա ծնած 19-ամեայ Ատել Քարմիշն է, որ ֆրանսական ապահովական մարմիններուն ծանօթ էր, որովհետեւ երկու անգամ փորձած էր մեկնիլ Սուրիա:

Նորմանտի շրջանի բնակիչ Քարմիշ 2015-ի մարտէն մայիս ձերբակալուած է Սուրիա մեկնելու փորձէն ետք: Իշխանութիւնները զինք ազատ արձակած են, սակայն անոր պարտադրած կրել ելեկտրոնային սարք մը, որպէսզի իր գտնուած վայրերը տեսնեն եւ շարժումներուն հետեւին: Անոր արտօնուած էր իր տունէն դուրս գալ միայն օրական քանի մը ժամ:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.