2016-07-28 21:00:00

ԼԵՀԱՍՏԱՆ - Ֆրանչսիկոս Պապին 28 Յուլիսի թուիթները:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 28 Յուլիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց զանազան թուիթներ որոնցմէ առաջինին մէջ նշեց թէ ''Տէրը կ՛ապրի մեր մէջ ու մեզի կը հոգայ, սակայն մեր տեղ որոշումներ չ՛առներ''։ Մինչ երկրորդ Թուիթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Տէրը կը սիրէ մեր առօրեայի իրողութիւններուն մաս կազմել, մեր հետ քալելու համար''։ 

28 Յուլիսի երեկոյեան, Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետի թուիրթեեան կայքին վրայ հրապարակուեցան ապա երկու այլ թուիթներ որոնց առաջինին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ ''ողորմած սիրտ մը քաջութիւնը ունի թողելու հանգստաւէտութիւնները եւ երթալու դէպի ուրիշները ու բոլորը ողջագուրելու''։

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ թէ ''Յիսուսն է որ մեզ կը մղէ վեր նայելու եւ երազելու բարձունքները։ ԵՀՕ հաւաքի այս օրերուն Յիսուս կ՛ուզէ մեր տան մէջ մտնել'' կ՛ընդգծէ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.