2016-07-28 10:30:00

Գամիշլիի մէջ պայթում մը 44 զոհ խլեց


Թուրքիոյ սահմանակից Գամիշլի քաղաքին մէջ գտնուող քրտական ուժերու կեդրոնին դէմ ականուած բեռնակառքով անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց 44 զոհ եւ 140 վիրաւոր:

Ըստ «Նաշրա» կայքին, Գամիշլիի Ղարպիյէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած են երկու իրերայաջորդ անձնասպանական գործողութիւններ, առաջինը` ականուած ինքնաշարժով, իսկ երկրորդը` ականուած մոթորսիքլեթով:

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը` յայտնելով, որ գործողութիւնը կատարուած է ականուած բեռնակառքով, իսկ զոհերուն թիւը 100 է:








All the contents on this site are copyrighted ©.