2016-07-28 10:48:00

Աստուածամօր ''Եասնա Կուրա'' Սրբավայրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չեսթեքովա քաղաքի մէջ գտնուող Տիրամօր Եասնա Կուրա սրբավայրը նկատուած է Լեհաստանի  մէջ Տիրամօր նուիրուած ամենէն կարեւոր եւ հռչակաւորը, ուր ամէն տարի` անթիւ ու անհամար  ուխտաւորներ կը փութան, հայցելու համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ 

ԺԴ դարէն սկսեալ սրբավայրը կը դառնայ  պաշտամունքի եւ մեծարանքի վայր,   եկեղեցւոյ աւագ խորանին  վրայ զետեղուած Աստուածամօր սրբապատկերին հետեւանքով,  որ ճանչցուած է որպէս Սեւ Տիրամայր՝ խաւ գոյն ունենալուն պատճառաւ եւ որուն տօնակատարութիւնը կը նշուի  ամէն  տարի` 26 օգոստոսին ։

Վերոյիշեալ Սրբավայրին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետ, 4 յունիս 1979-ին­ Տիրամօր հովանիին կը յանձնէ իր Քահանայապետութիւնը, ապա 1997-ին, լեհաստանին տուած առաքելական այցելութեան ընթացքին Տիրամօր Սրբավայրը կը սահմանէ որպէս ազգային սրբավայր։

Աւանդութեան համաձայն կը պատմուի թէ Աստուածամօր սրբապատկերը գործն է Սուրբ Ղուկաս առաքեալին ։

Առաքեալը , Տիրամօր ժամանակակից ըլլալով գծած Տիրամօր հարազատ դիմագիծը։

Արժանի է նշել թէ Տիրամօր սրբապատկերին վրայ զետեղուած Թագը  նուէրն է Սուրբ ՅՊԲ Պապին` որ 1 ապրիլ 2005-ին՝ իր մահուընէ մէկ օր առաջ նուիրեց Աստուածամօր։։

Սրբապատկերին կից գտնուող մատրան մէջ կը գտնուի Պօղոս Զ Պապի կողմէ  նուիրուած  ոսկեծոց վարդարան մը։ Յիշենք թէ Մոնթինի քահանայապետը շատ կը փափաքէր մասնակցիլ Լեհաստանի քրիստոնէութեան 1000 ամեակի նշման արարողութիւններուն, 1966-ին սակայն, համայնավար պետութիւնը արգելք հանդիսացաւ Քահանայապետին։

2004-ին, Տիրամօր Սրբավայրը փոխադրուած է, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին արիւնոտ գօտին, զոր իր վրայ կրած էր Իրեն դէմ գործուած ահաբեկչութեան օրը` 13 մայիս 1981-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.