2016-07-27 10:29:00

Ֆրանսայի մէջ քահանայ մը սպաննած երկու զինեալները կը սպաննուին


ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարեց, թէ Յուլիս 26ին, Ռուէնի մէջ եկեղեցիի մը վրայ յարձակած եւ քահանայ մը սպաննած երկու զինեալները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան։

Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ յարձակումին վայրը ժամանած ոստիկանները սպաննած են երկու զինեալները, որոնք ծանրօրէն վիրաւորած էին նաեւ այլ քաղաքացի մը։ Ոստիկանութիւնը այս միջադէպին առնչութեամբ մէկ այլ կասկածելի մը եւս կը հարցաքննէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.