2016-07-27 11:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճճորէ տաճար


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 26 յուլիսի՝ երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն, միջազգային առաքելական ճամբորդութիւն կատարելէ առաջ,  այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր կանգ  առնելով  ՝՝Սալուս Փոփուլիս Ռոմանի՝՝ Տիրամօր  սրբապատկերին դիմաց  աղօթեց ու հայցեց Տիրոջ ու  Տիրամօր օրհնութիւնը Լեհաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար ինչպէս նաեւ երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին օրուան համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.