2016-07-27 09:37:00

Սուրբ պատարագի արարողութեամբ ընթացք առաւ Քրաքովիայի Երիտասարդաց Հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 26 Յուլիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան ժամանումէն մէկ օր առաջ, Քրաքովիայի մէջ ընթացք առաւ Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ հաւաքը, Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր ցեղերու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու պատկան հազարաւոր երիտասարդներ որոնք այս օրերուն կը գտնուին Քրաքովիայի մէջ, մասնակցելու համար այս կարեւոր հաւաքին որ ամէն երեք տարին անգամ մը իրարու մօտ կը բերէ երիտասարդները ու կը դառնայ եղբայրութեան ու սիրոյ վկայութիւն։

Պատարագին սկիզբը Քարքովիայի Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ճիվիչ ողջունեց երիտասարդները ըսելով.

''Սիրելի երիտասարդ բարեկամներ։ Ահա հնչեց երեք տարիէ ի վեր սպասուած զանգը։ Սպասեցինք զայն այն օրէն երբ Քահանայապետը Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ հռչակեց թէ յաջորդ ԵՀՕ պիտի տօնախմբուէր Քրաքովիայի մէջ – Լեհաստան''։

''Դուք հասած է բոլոր ցամաքամասերէն, տարբեր երկիրներէ, Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն, Հիւսիսէն ու հարաւէն ու ձեր հետ բերած էք բազմաթիւ փորձառութիւններ եւ ձեր մէջ ունիք բազմաթիւ իղձեր, կը խօսիք տարբեր լեզուներ։ Այսօր սակայն ամէնքս մեր միջեւ  պիտի օգտագործենք Աւետարանի լեզուն։ Սիրոյ լեզուն։ Եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան լեզուն'' ըսաւ ապա Կարդինալ Ճիվիչ ու Բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։

Բարի եկած էք Քրաքովիա` Քարոլ Վոյթիլայի – Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի քաղաքը։ Ան այս քաղաքին մէջ  ընդունեցաւ հասունութիւնը ծառայելու Եկեղեցւոյ եւ այստեղէն քալեց աշխարհի ճանապարհներուն վրայ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը հռչակելու համար։ Բարի գալուստ այն քաղաքին մէջ ուր յատուկ կերպով կ՛ապրինք Աստուածային Ողորմութեան շնորհքն ու խորհուրդը։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ հուսկ Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսը, բանանք մեր սրտերը ընկալելու համար Աստուծոյ Խօսքը եւ Սուրբ Հաղորդութեան շնորհքը։ Մեր խաչուած ու Յարութիւն առած Տիրոջ վստահինք մեր մտածումները, մեր յոյսերը ու մեր սպասումները ու գիտակից մեր մեղքերուն` թողութիւն խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի կարենանք սուրբ արարողութեան հետեւիլ մաքուր սրտով։








All the contents on this site are copyrighted ©.