2016-07-27 14:00:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր` Չորեքշաբթի  27 Յուլիս 2016-ի ժամը 14-ին, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 15-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդավայր` Լեհաստան, ուր Նորին Սրբութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ` երէկ սկիզբ առած Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու հաւաքին ու առիթը պիտի ունենայ այցելելու երկրին յատկանշական վայրեր եւ կեդրոններ։

Երեքշաբթի 26 Յուլիսին Սրբազան Քահանայապետը հրատարակած էր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրած էր երիտասարդները միացած մնալու աղօթքի մէջ որպէսզի այս Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը ըլլան հարուստ հոգեւոր պտուղներով։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս առաքելական այցելութիւնը Լեհաստան կը հանդիսանայ Քահանայապետի 11-րդ այցելութիւնը տրուած ըլլալով որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ` 9 անգամ այցելած է երկիրը, առաջինը 2 Յունսիս 1979-ին եւ վերջինը 16 – 19 օգոստոս 2002-ին, մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լեհաստանը այցելած է մէկ անգամ 2006-ին։ Ֆրանչիսկոս Պապին այս այցելութեամբ Լեհաստանը կը հանդիսանայ Քահանայատներէ  ամենաշատ այցելուած երկիրը, որուն կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգները Քահանայապետական 10 այցելութիւններով։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնեցաւ 13.-30-ին եւ ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ուր զինք դիմաւորեց Ֆիումիչինոյի թեմին Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Ռէալի, բարի ճանապարհ մաղթելու Նորին Սրբութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ինչպէս միշտ կը ճամբորդեն Վատիկանեան Պատուիրակութեան անդամներ գլխաւորութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինի եւ Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի մօտ հաւատարմագրուած միջազգային լրագրական աշխարհը ներկայացնող լրագրողներու խումբ մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.